Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը հրաժարեցաւ համագործակցիլ ամերիկեան «Նեթֆլիքս» ընկերութեան հետ, որ առաջարկեց վաւերագրական ժապաւէն մը նկարահանել անգլիական ակումբին մասին` շեշտը դնելով ներքին կեանքի, յարաբերութիւններուն, փորձերուն եւ աշխատանքային հոլովոյթին վրայ:
Այս համագործակցութիւնը Չելսիին պիտի ապահովէր քանի մը միլիոն փաունտ սթերլինկի եկամուտ: Սակայն ակումբին սեփականատէրը` ռուս գործարար Ռոման Ապրամովիչ մերժեց ատիկա, ակումբին ներքին կեանքը կարեւոր նկատելով:
Անգլիական Մանչեսթըր Սիթին «Ամազոն Փրայմ»-ի նման նախագիծէն պիտի ստանայ 10 միլիոն փաունտ սթերլինկ:
«Տը Թայմզ» կը հաղորդէ, որ «Նեթֆլիքս» նախապէս վաւերագրական ժապաւէն մը նկարահանած է Եուվենթուսի մասին: