Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՔԼԻՆԹԸՆԻՆ` ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ

November 11, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութենէն վերադարձին, Արամ Ա. կաթողիկոս նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, մէկ կողմէ գնահատելով կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած հողերու վերադարձին գծով Միացեալ Նահանգներու յիշեցումը Թուրքիոյ պետութեան, իսկ միւս կողմէ յիշեցնելով, թէ հայ ժողովուրդին կապուած ազգապատկան ու եկեղեցապատկան բազմաթիւ կալուածներ գոյութիւն ունին Արեւմտահայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ, եւ հայ ժողովուրդը կը մնայ պահանջատէր այդ ուղղութեամբ: Ստորեւ` վեհափառի նամակին պատճէնը:

 

Ազնուափայլ
Տիկին Հիլըրի Ռոտհամ Քլինթըն
Արտաքին Գործոց Նախարար
Միացեալ Նահանգներու
Ուաշինկթըն

Քանի մը օրեր առաջ վերադարձանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ գտնուող Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին տուած Մեր հովուապետական այցելութենէն: Արդարեւ, Մենք հպարտ եղանք վկան հանդիսանալով այն բոլոր իրագործումներուն, որոնք կատարուած են մեր գաղութին մէջ վերջին տարիներու ընթացքին` համայնքային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Արդարեւ, գաղութի կազմակերպութիւններուն հետ Մեր ունեցած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ հանդիպման ընթացքին իրազեկ դարձանք Ձեր 14 սեպտեմբեր 2011 թուակիր նամակին, որով կը վերահաստատէք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը` Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեանց առնչութեամբ, միաժամանակ յայտնելով Ձեր կառավարութեան «յանձնառութիւնը` թրքական իշխանութիւններուն հետ, բարձրագոյն մակարդակի վրայ հետապնդելու Թուրքիոյ կողմէ նախօրօք բռնագրաւուած կրօնական փոքրամասնութիւններու ինչքերուն վերադարձի հարցը»: Ջերմօրէն կ՛ողջունենք այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ բռնի կերպով արմատախիլ եղած է իր դարաւոր նստավայրէն, կը մնայ օրինական սեփականատէրը եւ հոգեւոր իշխանութիւնը Թուրքիոյ տարածքին հայկական հողամասերու վրայ գտնուող բազմաթիւ եկեղեցիներու, վանքերու, հիւանդանոցներու, բուժ-կեդրոններու, դպրոցներու, որբանոցներու, յուշակոթողներու, գերեզմանատուներու եւ այլ հոգեւոր կեդրոններու ու կալուածներու: Յիշեալ կալուածները, ինչպէս նաեւ անհամար շարժուն կալուածներ, որոնց շարքին նաեւ հոգեւոր եւ մշակութային գանձեր, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ապօրինի կերպով բռնագրաւուած էին հայ եկեղեցիէն` 1890-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ զանգուածային ջարդերու ողբերգական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ կրօնական կեդրոններու բռնագրաւումն ու սրբապղծութիւնը փաստագրուած են կառավարութիւններու, եկեղեցիներու եւ ակադեմական կեդրոններու կողմէ` աշխարհի ամբողջ տարածքին,  ներառեալ, կը հաւատանք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հսկայածաւալ արխիւներուն մէջ:

Թուրքիոյ վարչապետ պրն. Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին յղած Մեր 31 օգոստոս 2011 թուակիր նամակով, անոր նկատողութեան յանձնեցինք, թէ Թուրքիոյ կառավարութեան 26 օգոստոս 2011-ի` կրօնական փոքրամասնութիւններու բռնագրաւուած կալուածները իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու որոշումը, կը ներկայացնէ սոսկ չնչին, եւ ցարդ չիրականացուած, քայլ մը դէպի արդարութիւն առաջնորդող: Մենք նաեւ ընդգծեցինք, որ հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի Թուրքիայէն արդարութիւն, ինչպէս նաեւ իր ազգային արդար իրաւունքներու ամբողջական վերահաստատումը պահանջելէ:

Մենք կը զօրակցինք Ձեր ամուր կեցուածքին եւ Մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք Ձեզի այս գնահատելի նախաձեռնութեան համար, որով Ձեր կառավարութիւնը կը ձգտի ապահովել Թուրքիոյ մէջ բռնագրաւուած կրօնական ինչքերու վերադարձը իրենց իրաւատէրերուն:

 

Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

5 նոյեմբեր, 2011
Անթիլիաս, Լիբանան

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ – ԹԱՏԱՄՈՆ ՊԷՅՐՈՒԹ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ (11 նոյեմբեր 2011)

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.