Ֆրանսայի հայ համայնքը կը պատրաստուի 2018-ին դարձեալ օրակարգ բերել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու հարցը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած է Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան:
«Աշխուժօրէն կ՛աշխատինք իրաւաբաններու հետ: Անպայման լուծում պիտի գտնենք հարցը դարձեալ օրակարգ բերելու համար: Ասիկա միայն Հայ դատի խնդիր չէ, Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները իրենց ջանքերը կ՛ուղղեն այս գործին», ըսած է Մարտիրոսեան:
Տարուան ընթացքին Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ հայկական հարցերու առնչուած աշխատանքը: Յարութ Մարտիրոսեան նշած է, որ այս տարի զգալի ընելիք կայ խորհրդարանական դաշտին մէջ:
«Ընտրութիւններէն ետք խորհրդարանի երեսփոխաններու զգալի մասը փոխուած է, եւ ոչ բոլորը բաւական լաւ տեղեկացուած են հայկական հարցերու վերաբերեալ: Հետեւաբար մենք պէտք է աշխուժ աշխատանք տանինք երեսփոխաններու հետ», ըսած է ան:
Այս տարի կը նախատեսուի կազմակերպել Ֆրանսայի քաղաքական, հասարակական գործիչներու այցելութիւնը Հայաստան, Արցախ: Յարութ Մարտիրոսեան նշած է, որ լաւ առիթ է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակը:
«Կը նախատեսենք մասնակցիլ յոբելեանի ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ սպասուող միջոցառումներուն` հրաւիրելով Ֆրանսայի քաղաքական, հասարակական գործիչներու: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակին առիթով ձեռնարկներ պիտի կատարենք Ֆրանսայի մէջ` համախմբելով մեր գործընկերները: 100-ամեակին պէտք է աշխուժ կերպով աշխատիլ, վեր հանել հայ-ֆրանսական բարեկամութեան պատմութեան էջերը: Ի դէպ, քիչերուն ծանօթ է, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տարիներուն Ֆրանսայի մէջ կար մեր երկրի դեսպանութիւնը», աւելցուցած է Յարութ Մարտիրոսեան:
Տարուան ընթացքին Ֆրանսայի հասարակութեան պիտի ներկայացուին գիրքեր, շարժանկարներ` կապուած Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան եւ այլ հարցերու մասին:



