Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Գործիչը Պատասխանած Է Էրտողանի

January 19, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային կառոյցի ղեկավար Ճանան Քաֆթանճըօղլու պատասխանած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող իր գրառումներուն վերաբերեալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած քննադատութիւններուն:

Ըստ թրքական «Սուփերհապեր.թի.վի.» լրատուական կայքին, Քաֆթանճըօղլու յայտարարած է, որ պետութեան դէմ գրուած շարք մը քննադատական բնոյթի գրառումներուն հեղինակը ինք չէ՛, սակայն ընդունած է, որ ինք միայն Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրառումը կատարած է:

«Իմ գրառումիս մէջ միակ բանը Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի օրուան քայլերթին վերաբերեալ ուղերձը եղած է: Հոն տեղեկացուցած եմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քայլերթը սկսած է, նաեւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քանի մը բան գրած եմ: Անկէ բացի, մնացեալ բոլոր գրառումները ես չեմ կատարած», պարզաբանած է ան:

Յայտնենք, որ Քաֆթանճըօղլու Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր գրառումը կատարած էր 24 ապրիլ 2012-ին` նշելով. «Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան օրն է: Մենք այսօր Թաքսիմի մէջ կ՛ոգեկոչենք կոտորուած մեր հայ քաղաքացիներուն յիշատակը»:

Գրութիւնը բացայայտուած էր, երբ Քաֆթանճըօղլու կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային կառոյցի նախագահ ընտրուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին:

16 յունուարին, Էրտողան խստօրէն քննադատած էր Քաֆթանճըօղլուն` պնդելով, որ ան Հայոց ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելով` «կը նսեմացնէ մեր ազգն ու պատմութիւնը»:

 

Նախորդը

Նախագահը Խորհրդակցութիւն Ունեցած Է Տնտեսական Մրցակցութեան Պաշտպանութեան Պետական Յանձնախումբի Անդամներուն Հետ

Յաջորդը

«Քեզի Պիտի Չմոռնանք». «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Հայերէն Պաստառ Տեղադրած Է Տինքի Սպանութեան Վայրը

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.