Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փալոն Արցախ Այցելելու Արգելքները Վերացնելու Կոչ Կ՛ուղղէ Քոնկրեսին

January 19, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հիմնադիր համաատենապետ Ֆրենք Փալոն 17 յունուարին կոչ ուղղեց քոնկրեսականներուն, որ վերացնեն Արցախ այցելելու դէմ դրուած արհեստական արգելքները` Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ ազատ երթեւեկութիւն ու անխափան հաղորդակցութիւն ապահովելու նպատակով:

Այս նպատակով, Փալոն Քոնկրեսին ներկայացուց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող` «Միացեալ Նահանգներ-Արցախ ճամբորդութեան եւ հաղորդակցութեան բանաձեւ»-ը:

«Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պէտք է աջակցին աշխարհի տարածքին ազատ երկխօսութիւն եւ կարծիքներու փոխանակում ապահովելու ջանքերուն: Արցախը ժողովրդավարական յաջող կառավարութիւն մը ունի, եւ Միացեալ Նահանգներու ու այլ երկիրներու հետ անոր փափաքած յարաբերութեան դիմաց արգելքներ պէտք չէ դնել: Անցեալ սեպտեմբերին Արցախ կատարած մեր այցելութիւնը ցոյց տուաւ, թէ հոն որքա՛ն յառաջդիմութիւն արձանագրուած է վերջին քանի մը տարիներուն, եւ ուրիշներ եւս Արցախ այցելելու առիթը պէտք է ունենան», յայտարարեց Փալոն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան իր կարգին ողջունեց Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն դէմ կանգնեցուած պատերը «մրճահարելո՛վ» քանդել փորձող Փալոնի սոյն օրէնսդրական քայլը` աւելցնելով, որ նման կապեր հաստատելով աւելի՛ արագ պիտի բացայայտուին Ազրպէյճանի բռնարարքները` տագնապին իրականութիւնը յստակ դարձնելով ամերիկացի պաշտօնատարներուն:

Բանաձեւը լուսարձակի տակ կ՛առնէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Արցախի իշխանութիւնները առաջին իսկ օրէն նեցուկ կանգնած են Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի եւ նոյն յանձնախումբին մէջ բարձրաստիճան քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլզի կողմէ յառաջ մղուած այն պայմաններուն, որոնց նպատակն է սահմանային բախումները նուազեցնել:

 

 

Նախորդը

2018-ին ՄԱԿ-ի Առաջնահերթութիւններէն Մէկը Արցախի Տագնապին Լուծումն Է

Յաջորդը

Նախագահը Խորհրդակցութիւն Ունեցած Է Տնտեսական Մրցակցութեան Պաշտպանութեան Պետական Յանձնախումբի Անդամներուն Հետ

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.