Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԿԻՊՐՈՍԻ ԹԵՄԻ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԿԱՐԳԸ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ» (ԽՄԲԱԳԻՐ` ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ)

November 11, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011-ին Կիպրոսի (Նիկոսիա) Ազգային իշխանութիւնը, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հրամանաւ եւ խմբագրութեամբ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արքեպիսկոպոսին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս ընծայեց «Կիպրոսի թեմի հովուական կարգը եւ թեմական կազմաւորումը» խորագրեալ հրատարակութիւնը, որ կը բաղկանայ 320 էջերէ:

Վարուժան արքեպիսկոպոս իր «Նախաբան»ին մէջ կ՛ըսէ, թէ սոյն հատորը կ՛ընդգրկէ երկու հիմնական բաժիններ: Առաջին բաժինը կը վերաբերի Կիպրոսի թեմի հովուական կարգին եւ թեմական կազմաւորման, իսկ երկրորդը կը բովանդակէ կոնդակներ, որոնք ընդհանուր առմամբ շնորհակալագրեր եւ օրհնագրեր են, գրուած` 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն: Սոյն կոնդակները ուղղուած են Կիպրոսի թեմին` Սիսէն, Կ. Պոլսէն ու Երուսաղէմէն:

Վարուժան արքեպիսկոպոս կ՛ըսէ, թէ սոյն հատորին մաս կը կազմեն Ազգային առաջնորդարանի ու Երուսաղէմի պատրիարքութեան արխիւներէն քաղուած այլազան նամակներ եւ կոնդակներ, որոնք կը բացայայտեն, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ պայմաններու տակ տեղի ունեցաւ Կիպրոսի հովուական կարգն ու թեմական կազմաւորումը:

Ըստ խմբագիրին, Կիպրոս, Քրիստոսէ ետք առաջին դարէն սկսեալ, եղած է յարմարագոյն այն վայրը, ուր ծագում առած են հայկական գիւղեր: Թէ, այս առումով, 1179 թուականը կրող ձեռագիր վաւերաթուղթ մը կը յիշատակէ Կիպրոսի հայոց թեմի գոյութիւնը:

Այս շրջանէն սկսեալ մինչեւ 15-րդ դար ունեցած ենք երկու առաջնորդութիւններ: Առաջինը Ֆամակուսթան է, որուն եկեղեցիները չկան այսօր: Երկրորդը Նիկոսիան է, որուն եկեղեցիները նոյնպէս անհետացած են: Միակ եկեղեցին, որ գոյատեւած է 16-րդ դարէն ի վեր, Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին սրբավայրն է, որ հետագային բարեփոխուած եւ հարստացած է հոգեւոր եւ կրթական կառոյցներով, ինչպէս` առաջնորդարան, մանկապարտէզ, զոյգ նախակրթարաններ եւ Նահատակաց յուշարձան: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Կանչուորի վանքը եւ Մակարայ վանքը ներկայիս բռնագրաւուած են թուրքերու կողմէ:

Վարուժան արքեպիսկոպոս կ՛ըսէ, թէ Կիպրոսի թեմի արխիւներն ու եկեղեցական սպասները կու գան 18-րդ դարէն: Թէ` առաջնորդարանի արխիւները փճացած են 1860-ին ծագած հրդեհի մը պատճառով: Յիշեալ աղէտին պատճառով, սոյն հատորին մէջ կարելի չէ եղած համախմբել եւ ներկայացնել Կիպրոսի թեմին կողմէ առաքուած եւ ստացուած նամակները:

Առաջնորդարանի արխիւներէն ի յայտ կու գայ, թէ 19-րդ դարէն առաջ Կիպրոսի թեմը գործած է առաջնորդով եւ Թաղական խորհուրդով: Իսկ 1850-ական թուականներու կէսերէն թեմը կը սկսի կազմաւորուիլ վարչականօրէն:

Կիպրոսի թեմի հովուական կարգի առնչութեամբ, Վարուժան արքեպիսկոպոս կու տայ անհրաժեշտ լուսաբանութիւն` կատարելով հետեւեալ մէջբերումը Բակուրանի «Հայ Կիպրոս» հատորէն. «Պէտք է դիտել, որ Կիպրոսի հայութիւնը եկեղեցական, վարչական կողմէն միշտ մնաց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռին իրաւասութեան ներքեւ, ըլլայ երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ընդհանրական էր, ըլլայ 1441-էն ի վեր, երբ վերահաստատուեցաւ Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռը:

«Երուսաղէմի կամ Կ. Պոլսի պատրիարքութեանց հետ կապակցութիւնը ժամանակաւոր կարգադրութիւններ էին» (էջ 38):

Խմբագիրը կ՛ըսէ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոս 1924 թուակիր իր կոնդակին մէջ այսպէս կը գրէ. «Պատմական ցուցմունք եւ յիշատակարանք զանազան գրչութեանց դնին զԿիպրոս ի թիւս վիճակաց կաթողիկոսութեան Կիլիկիոյ»:

Վարուժան արքեպիսկոպոս քիչ մը աւելի կը յստակացնէ Կիպրոսի թեմական հարցը` Երուսաղէմի պատկանող տեղեկագրէ մը իր քաղած հետեւեալ տեղեկութեամբ.

«Կիպրոսը, իբրեւ ժողովրդային հայութեան կեդրոն մը, կարեւորութիւն մը կը ստանայ միայն 1921 թուականէն վերջ, երբ Կիլիկիոյ պարպումով 4000-ի մօտ մնայուն հայ բնակչութիւն մը կը հաստատուի անդ, մեծամասնօրէն կիլիկեցի, եւ բնական յեղաշրջումը տեղի կ՛ունենայ, այսինքն վերջնականապէս կը կապուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն եւ ենթակայ կ՛ըլլայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդր. իշխանութեանց տնօրինութիւններուն»:

Իր կարգին, Վարուժան արքեպիսկոպոս կ՛ըսէ, թէ իբրեւ կաթողիկոսական փոխանորդ Կիպրոսի հայոց թեմի` իմացած է, թէ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ժամանակաւորապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նուիրած է Կիպրոսի թեմը: Եւ թէ` խմբագրելով վերոյիշեալ հատորը, իր նպատակն է լուսաբանել Կիպրոսի թեմական հարցին շուրջ ծագած անորոշութիւններն ու ենթադրութիւնները: Այս առնչութեամբ, ան կը մէջբերէ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան այն տեղեկագիրը, ուր որոշում կը տրուի Կիպրոսի հովուութիւնը յանձնել Կիլիկիոյ կաթողիկոսին:

Հատորին յաջորդ բաժինով Վարուժան արքեպիսկոպոս կը ներկայացնէ գաւազանագիրը Կիպրոսի հայոց թեմին` պատմական հետեւեալ շրջաններով. լուսինեան շրջան, վենետիկեան շրջան եւ թրքական շրջան:

Ապա ան կը թուէ անունները Անթիլիասի դպրեվանքի հետեւեալ միաբաններուն, որոնք 1946-էն մինչեւ ներկայ թուականը (2011) ստանձնած են Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսութեան փոխանորդի պաշտօնը. Ղեւոնդ արք. Չէպէեան (1946), Երուանդ վրդ. Աբէլեան (1958), Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեան (1968), Ներսէս արք. Բախտիկեան (1973), Զարեհ արք. Ազնաւորեան (1977), Եղիշէ ծ. վրդ. Մանճիկեան (1983) եւ Վարուժան արք. Հերկելեան (1997):

Արդարեւ, կը նկատենք, թէ Վարուժան արքեպիսկոպոս ճաշակով եւ բծախնդրութեամբ խմբագրած է «Կիպրոսի թեմի հովուական կարգը եւ թեմական կազմաւորումը» խորագրեալ հատորը, որ օգտագործելի աղբիւր մըն է անոնց համար, որոնք կը սիրեն կատարել ուսումնասիրական աշխատանք` Կիպրոսի հայոց թեմին շուրջ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Յունիս 2011
Պէյրութ

Նախորդը

ՊԱՏՈՒՀԱՆԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

Յաջորդը

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ` ԶՕՐ. ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 125-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՄԱԶԴԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.