Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է ղարաբաղեան տագնապի փուլային լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը: Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք»-ի ազրպէյճանական ծառայութիւնը:
«Կ՛ողջունենք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը փուլ առ փուլ լուծելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը», ըսուած է հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնպէս արձագանգած է Լաւրովի խօսքին:
«Խօսքը փաթեթային լուծման մասին է` փուլային գործադրութեամբ, որուն մասին բազմիցս յայտարարած են համանախագահ երկիրները», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով, տարեկան ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին խօսելով ղարաբաղեան տագնապի լուծման մասին, յայտարարած էր. «Կը կարծեմ, որ այժմ կարեւոր պիտի ըլլար ձեռնարկել լրացուցիչ քայլեր, որպէսզի շփման գիծին մէջ, այնուամենայնիւ, իրավիճակը հանդարտեցուի: Ատիկա պիտի օգնէր նաեւ անցնիլ քաղաքական լուծման»:
Ան ըսած էր, որ տագնապը մէկ փաստաթուղթով կարելի չէ լուծել, եւ անհրաժեշտ է փուլային մօտեցում: