Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Կեթաֆէէն 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք, Մալակայի պատասխանատուները որոշեցին պաշտօնանկ ընել իրենց մարզիչը` սպանացի Միչելին, որ 2017-էն ի վեր խումբին մարզիչն էր:
«Լա լիկա»-ի դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Մալակա ցարդ կրցած է ապահովել միայն 11 կէտ:
54 տարեկան Միչելի նախապէս եղած է նաեւ Ռայօ Վայեքանոյի, Կեթաֆէի, Սեւիլլայի, Օլիմփիաքոսի, Մարսէյի եւ այլ խումբերու մարզիչ: