Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 14 յունուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ուաֆաա Ղըպէյրիի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Անսարի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 14:15-ին:
Նշենք, որ կիրակի, 28 յունուարին ժամը 14:15-ին, Նըժմէի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուահտէ Շըհիմ:
Ներկայիս ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 4 կէտ (1 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն, 4 պարտութիւն), կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ եւ նախավերջին դիրքը:
Ուաֆաա Ղըպէյրի, իր կարգին 4 կէտ ունենալով, կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ, մինչ ՀՄԸՄ-ի վերջին մրցակիցը` Ուահտէ Շըհիմ, որ իր կատարած 5 մրցումներուն ալ պարտուած է, կը գտնուի 9-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ: