Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը Սաժես ակումբը յայտնեց, որ Մարք Պըխհազի, որ յանձնախումբին անդամ է, նշանակուեցաւ մարզական բոլոր բաժանմունքներու պատասխանատուն: Ան եւ Ժատ Ռիշան իրաւասութիւն պիտի ունենան ակումբին վերաբերեալ բոլոր պաշտօնական նիւթերն ու լուրերը յղել տեղական մարզական բաժանմունքներուն:
Անոնց կողմէ չհրապարակուած որեւէ լուր եթէ տարածուի մամուլին մէջ, այն ատեն ակումբը, ոչ մէկ առնչութիւն կ՛ունենայ եւ ոչ մէկ ձեւով պատասխանատու կ՛ըլլայ:
Սաժես նաեւ տեղեկացուց, որ կիրակի օր Պիպլոսի դէմ տեղի ունենալիք պասքեթպոլի մրցումին, Ղազիրի դաշտէն դուրս մեծ պաստառ պիտի չզետեղուի, որովհետեւ ակումբը այս մրցումը կը նկատէ կարեւոր, ինչպէս նաեւ իր համակիրներուն կոչ կ՛ուղղէ խուռներամ շարքերով երթալ դաշտ եւ, վճարելով 15 հազար լիբանանեան ոսկի, քաջալերել իրենց կազմը, նախքան Տուպայի մրցաշարքին անոր մասնակցութիւնը: