Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբի նախագահ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ տօնական օրերուն առիթով ընթրիքի երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Լը Սերայ» ճաշարանին մէջ (Պէյրութ), պատուեց լիբանանեան մարզական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, ֆետերասիոններու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուներ ու մարզական լրագրողներ:
Այս առիթով Ժիհատ Սալամէ 2018 տարուան համար յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին իր հրաւէրին: