Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

November 9, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ արաբական երկիրներու նախագահներու, իշխաններու եւ թագաւորներու հետ` շնորհաւորելով Ատհայի տօնը եւ այդ առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելով անոնց:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք շատ մտահոգ է Լիբանանի ապահովական կացութեամբ: Ան ընդգծեց, որ հակառակ Լիբանանի կայուն անվտանգութեան, որեւէ ապահովական միջադէպ կրնայ երկրին կայունութիւնը խախտել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը խորհրդարանին մէջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն համար արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ խստիւ դատապարտեց «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հրապարակած այն յայտարարութիւնները, թէ իրենք Արաբական ազատականացման կուսակցութեան անդամներ յանձնած են Հըզպալլային` մարզումի նպատակով: Քարամէ հաստատեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ այդ զրպարտութիւնները, որոնք անհիմն են եւ քաղաքական նպատակներով կը միտին քայքայել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր Պքերքէի մէջ կը նախագահէ միջմարոնիական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի պետական նշանակումներուն մէջ քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցչութիւնը: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ստացաւ հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի հոգեհանգիստին, որ պիտի կատարուի Ժտէյտէի Մար Անթոնիոս եկեղեցւոյ մէջ, յառաջիկայ 21 նոյեմբեր 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մեծ խաբեբայ մըն է` շեշտելով, որ անոր հաշուետուութեան ժամանակը արդէն իսկ հասած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է գտնէ յարմարագոյն ձեւը` լուծելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու հարցը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-էն 12:00, «Էֆ. 16» տիպի կործանիչներով թռիչքներ կատարեց Հասպայայի, Մերժահիունի, Ժեզզինի եւ Պարուքի բարձունքներուն վերեւ: Իր գործած այս թռիչքներով, իսրայէլեան օդուժը դարձեալ ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ մեկնեցաւ Փարիզ` վերանորոգելու համար Ֆրանսայի Առողջապահութեան գերագոյն խորհուրդին հետ Լիբանանի գործակցութեան համաձայնագիրը:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Ալի Ֆատլալլա շեշտեց, որ ազգային միասնականութեան կոչերը պէտք է յաղթահարեն արաբ ազգին դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրները:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով իրենք տակաւին կը գտնուին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը Դիմադրութեան դէմ օգտագործուող զէնքերէն մէկն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նախորդը

ԱԿՆԱՐԿ. 6 ԱՄԻՍ ԸՆԴԴԷՄ 20 ՏԱՐՈՒԱՆ (ՈՐԱԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ)

Յաջորդը

ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՐԱԳ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻ ՄԻՆՉԵՒ ԺՈՒՆԻԷ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։