Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Դէմ Յարձակումին Մասնակից Երկու Թուրքեր Դատապարտուած Են Բանտարկութեան

December 23, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարուան մայիսին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն դէմ յարձակում գործած էրտողանամէտ խումբի երկու անդամներ ընդունած են իրենց մեղքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Ծեծկռտուքի մասնակիցներ Սինան Նարինն ու Էյուփ Եըլտըրըմը, որոնք կը բնակին Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա եւ Նիւ Ճըրզի նահանգներուն մէջ, խոստովանութեան շնորհիւ միայն մէկ տարուան բանտարկութեան պիտի ենթարկուին: Հակառակ պարագային անոնք կրնային մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Յիշեցնենք, որ 16 մայիսին, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին մօտ Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան դէմ բողոքող խաղաղ ցուցարարներու խումբը յարձակումի ենթարկուած էր էրտողանամէտ խումբերու կողմէ:

«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հաղորդումով` տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով վիրաւորուած էին 9 անձեր:

Նախորդը

Երուսաղէմի Կարգավիճակին Գծով Հայաստանի Դիրքորոշումը Անփոփոխ Է

Յաջորդը

«Գերմանիան Տեղեակ Է Այդ Երկրին Մէջ Հաստատուած Հայերու Եւ Ալեւիներու Դէմ Թուրքիոյ Մէջ Ծրագրուող Յարձակումներէն» Կ՛ըսէ Փայլան

RelatedPosts

Սաղաթէլեան Մանեաթիսի Հետ Հանդիպումին  Անդրադարձաւ Պաքուի Մէջ Պահուող  Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցին
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան Մանեաթիսի Հետ Հանդիպումին Անդրադարձաւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցին

October 14, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Միացեալ Նահանգներու Հաւատարմատարին Հետ  Քննարկեցին «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը
Հայկական

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Միացեալ Նահանգներու Հաւատարմատարին Հետ Քննարկեցին «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը

October 14, 2026
Միրզոյեան Վարշաւայի Մէջ Հանդիպումներ  Ունեցած Է Գերմանիոյ Եւ Լեհաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարներուն Հետ
Հայկական

Միրզոյեան Վարշաւայի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած Է Գերմանիոյ Եւ Լեհաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.