Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լափիտ. «Իսրայէլ Շատոնց Պէտք Է Ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

December 21, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի քաղաքական կեանքին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալող ընդդիմադիր «Եշ Աթիտ» կուսակցութիւնը կը նախատեսէ Քնեսեթ (Իսրայէլի խորհրդարան) ներկայացնել օրինագիծ մը, որ կ՛ենթադրէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում: Կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ պնդած է, որ Իսրայէլ վաղուց պէտք է ճանչցած ըլլար այդ պատմական փաստը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծին մասին հարցումի մը պատասխանելով` ան ըսած է. «Օրինագիծը արդէն գրուած է. այժմ մենք Քնեսեթի մէջ նախագիծին աջակցելու նպատակով ստորագրութիւններ կը հաւաքենք: Կը փափաքինք, որ օրինագիծը Քնեսեթի մէջ ապահովէ կարելի եղածին չափ մեծաթիւ աջակցութիւն: Վստահ ենք, որ շատ շուտով այս հարցով յառաջխաղացք պիտի արձանագրուի»:

«Ինչո՞ւ Ողջակիզում տեսած Իսրայէլը կը խուսափի Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն» հարցումին պատասխանելով` ան աւելցուցած է. «Իսրայէլացի բազմաթիւ ղեկավարներ անհատապէս յայտարարած են, թէ կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ պատմական փա՛ստ է: Վերջերս Քնեսեթի կրթութեան հարցերով յանձնախումբը եւս յայտարարեց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին: Իսրայէլի նախկին կառավարութիւնները ռազմավարական սխալ հաշուարկներու պատճառով խուսափած են Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն: Մենք պէտք է շատոնց ճանչնայինք Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ անկախ ամէն ինչէ, անիկա բարոյապէս ճիշդ քայլ է: Նախագահ Էրտողանի թշնամական կեցուածքէն ետք այլեւս կարելի չէ ներել, որ ոեւէ մէկը խուսափի ճիշդ քայլ առնելէ»:

Պատասխանելով Իսրայէլի վրայ Էրտողանի նորագոյն յարձակումներուն մասին հարցումի մը` ան ըսած է. «Նախագահ Էրտողան որոշած է օգտագործել Իսրայէլը` իսլամական աշխարհին աջակցութիւնը ստանալու համար: Ան հակաիսրայէլեան տրամադրութիւն կը փորձէ ստեղծել եւ այժմ ներգրաւուած է շրջանին մէջ նոր խնդիրներու հրահրման գործին մէջ: Ան աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է Սուրիոյ հարցով Իրանի դիրքորոշումը ամրապնդելու մէջ, ինչ որ ուղղակի սպառնալիք է մեր ապահովութեան: Իսրայէլ պէտք է լրջօրէն հակադրուի նախագահ Էրտողանին եւ յստակօրէն հասկցնէ, թէ մենք չե՛նք վախնար անոր հռետորաբանութենէն եւ սպառնալիքներէն: Մենք պիտի ընենք այն, ինչ որ ճիշդ է մեզի համար, եւ անիկա կը նախատեսէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի ճանաչումը, անկախութեան համար քրտական արդարացի պայքարին մեր աջակցութեան աւելնալը եւ դէպի Թուրքիա հասնող կազատարի սխա՛լ գաղափարին կասեցումը»:

 

Նախորդը

Քուրց Խոստացած Է Կամուրջներ Կառուցել Արեւելքի Եւ Արեւմուտքի Միջեւ

Յաջորդը

Մոսկուա Պիտի Աջակցի Պելկրատի Եւ Փրիշթինայի Որեւէ Միացեալ Որոշումին

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.