Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ԱՊԱՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

November 5, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները:

Ապատի նշեց, որ Սուրիոյ դէմ բանեցուած ճնշումներուն պատճառը Իսրայէլի նկատմամբ Սուրիոյ կեցուածքն է: «Աշխարհի մէջ ամէն բան արտօնուած է ըսել, բացի այն խօսքերէն, որոնք կը նեղացնեն իսրայէլեան գոյացութիւնը: Այդ մէկը արգիլուած է եւ մեղք գործելու համազօր», հեգնեց Ապատի` աւելցնելով, որ այս տարազով է, որ կ՛առաջնորդուին Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը` ժողովրդավարութիւն բանեցնելու շրջագիծին մէջ:

Ապատի աւելցուց, որ այս առումով բնական է, որ Սուրիոյ վրայ բանեցուող ճնշումները հետզհետէ սաստկանան, «սակայն անոնք պէտք է լաւ գիտնան, որ սպառնական ոճով ոչ մէկ շահ կարելի է ապահովել, այլ խօսքով` պէտք է համոզուին, որ սպառնալիքի գրաւը ձախող գրաւ մը կը նկատուի»:

Ապատի յայտնեց նաեւ, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է Իրանի դէմ ուղղուած ամերիկեան զրպարտութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի կատարած յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերին այն իրականութեան, թէ Թեհրանի մէջ կը գտնուին հարիւրաւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն  շրջանին եւ Իրանի մէջ գործուած ահաբեկչական գործողութիւններուն Ուաշինկթընի մեղսակցութիւնը:

Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պաղ պատերազմին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապատի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդային առածը կ՛ըսէ, թէ «Փորձուած բանը դարձեալ փորձելը թեթեւամտութեան նշան է: Հետեւաբար` մենք 32 տարիէ ի վեր շրջանին մէջ կը դիմադրենք սպառնալիքներու, յեղաշրջումներու եւ բազմաթիւ ահաբեկչական գործողութիւններու, պատժամիջոցներու եւ ճնշումներու: Սակայն հակառակ այդ քաղաքականութիւններուն, մենք դարձած ենք ինքնաբաւ եւ արհեստագիտական մարզին մէջ արձանագրած ենք նուաճումներ, ինչ որ կը փաստէ, թէ իրենք ձախողած են եւ իրենց գոռոցը ցոյց կու տայ Իրանի նուաճումները», եզրափակեց Ապատի:

 

 

 

Նախորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԻՆ ԺԵՄԱՅԷԼԸ

Յաջորդը

ՄԻՔԱԹԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՆԱԵՒ ՌՈՒՍԻԱ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։