ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Գերմանացի նշանաւոր ընկերվարական քաղաքական գործիչ, գրող եւ տեսաբան Օկիւսթ Պեպել ամէնէն շատ յայտնի է իբրեւ գերմանական մարքսականութեան եւ ընկերվար-ժողովրդավարութեան հիմնադիրներէն մէկը: Ան ծնած է 1840-ին: Սկզբնապէս հակաընկերվարական ըլլալով, ան աստիճանաբար կը համակրի ընկերվարական գաղափարներուն` գերմանացի առաջին ընկերվարական տեսաբաններէն Ֆերտինանտ Լասսալի հրապարակած քարոզչական գրքոյկներուն ընդմէջէն, որոնց միջոցով կը ժողովրդականացուէին գիտական ընկերվարութեան հիմնադիր Քարլ Մարքսի գաղափարները: 1865-էն սկսեալ ան գաղափարապէս սկսաւ ազդուիլ գերմանական ընկերվար-ժողովրդավարութեան ազդեցիկ դէմքերէն Վիլհելմ Լիբկնեխտէն եւ ամբողջականօրէն ինքզինք նուիրեց ընկերվարութեան հաստատման դատին: Պեպել 1892-էն մինչեւ իր մահուան թուականը` 1913, եղաւ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարը:
Օկիւսթ Պեպել ընկերվարական մտքի պատմութեան մէջ կիներու ազատագրութեան հարցը ամէնէն արմատական մօտեցումով արծարծող տեսաբանը եղած է: Իր գաղափարական ամէնէն նշանաւոր աշխատասիրութիւնը եղած է «Կիները եւ ընկերվարութիւնը» ստուարածաւալ հատորը, որ առաջին անգամ գերմաներէնով լոյս տեսած է 1879-ին: Այս հատորին մէջ Պեպել ծանր քննադատութեան կ՛ենթարկէ ամուսնութեան հաստատութիւնը: Այս մօտեցումը պատճառ դարձաւ, որ իր ընդդիմախօսները իր արծարծած գաղափարը նկատեն ընկերվարութեան ամէնէն ծայրայեղ տարբերակներէն մէկը: «Կիները եւ ընկերվարութիւնը» աշխատութեան մէջ լայն տեղ կը յատկացուի նաեւ կիներու իրաւունքներու ձեռքբերման համար մղուած պայքարի պատմութեան, հայրիշխանութեան եւ մայրիշխանութեան ժամանակաշրջաններու առանձնայատկութիւններուն, պատմական զանազան ժամանակաշրջաններուն կիներու պարզած վիճակին, օրէնքին եւ քաղաքականութեան մէջ կիներու հաւասարութեան եւ ընկերվարական կարգերուն ներքեւ կիներու ամբողջական ազատագրութեան հարցերուն:
Գրելով օրէնքին դիմաց սեռերու հաւասարութեան համար պայքարի հարցին մասին` Պեպել կը նշէ, որ ցեղի, դասակարգի կամ սեռի ընկերային կախեալութիւնը միշտ ալ իր դրսեւորումը ունեցած է տուեալ երկրի օրէնքներուն եւ քաղաքական կացութեան մէջ: Երկրի մը օրէնքները բանաձեւուած արտայայտութիւնն են իշխող դասակարգի շահերուն, եւ կիները, ըլլալով կախեալ եւ իրաւազրկեալ սեռ, ըստ այնմ ներկայացուած կը գտնեն իրենց օրինական կարգավիճակը: Պեպել կ՛ըսէ, որ օրէնքները ժխտական եւ դրական են: Ժխտական են այն ժամանակ, երբ կը ձախողին նկատի ունենալ իրաւազուրկները` իրաւունքներու բաշխման աշխատանքին մէջ, իսկ դրական են, այնքան ատեն որ ցոյց կու տան կախեալութիւնը եւ կը վերահաստատեն իրաւունքը: Այնուհետեւ Օկիւսթ Պեպել երկիր առ երկիր կը թուէ, թէ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկզբնաւորութեան ի՛նչ հիմնական պայքարներ եղած են թէ՛ օրէնքին առջեւ եւ թէ՛ ալ քաղաքական գետնի վրայ կիներու ամբողջական հաւասարութեան իրաւունքը ձեռք ձգելու համար, նշելով միաժամանակ, որ հակառակ մղուած պայքարին` տակաւին երկար ճամբայ կայ կտրելիք այդ պայքարը արդիւնաւորելու համար:
Թէ ապագային, տենչացուած ընկերվարական, աւելի արդար եւ հաւասարութեան հիման վրայ կառուցուած հասարակարգին մէջ ինչպիսի՞ կարգավիճակ պիտի ունենան կիները, երբ իրականութիւն կը դառնայ առանց սեռային, ցեղային, դասակարգային, տնտեսական կամ այլ տեսակի խտրականութեան կամ շահագործումի համակարգի ստեղծման մեծ իտէալը: Այս հարցումին պատասխանը ընկերվարական մեծ տեսաբանին համար միանշանակօրէն շատ յստակ է: Ապագայ նոր, ընկերվարական ընկերութեան մէջ կիները ամբողջականօրէն անկախ պիտի ըլլան ընկերային գետնի վրայ եւ տնտեսապէս: Եւ այստեղ շատ յստակ կ՛արտայայտուի վերը կատարած մեր ակնարկութիւնը, որ Պեպել շատ խիստ ձեւով կը քննադատէր ամուսնութեան հաստատութիւնը եւ կտրուկ կերպով դէմ էր անոր` իբրեւ քաղքենիական հաստատութիւն մը, որ կոչուած է ենթակայ դարձնելու կիները: Ապագայի հասարակարգին մէջ կիները դոյզն ինչ ենթակայութեան կամ կեղեքումի պիտի չենթարկուին, այլ պիտի ըլլան ազատ ու ամբողջականօրէն հաւասար տղամարդուն, անոնց կրթութիւնը նոյնը պիտի ըլլայ, ինչ որ` տղամարդոցը: Կեանքի բնական պայմաններու մէջ ապրելով` անոնք ամբողջականօրէն կրնան զարգացնել եւ գործի դնել իրենց մտային եւ ֆիզիքական կարողութիւնները: Անոնք կ՛ընտրեն մասնագիտութիւն, որ յարմարի իրենց փափաքներուն եւ կարողութիւններուն, եւ կ՛աշխատին տղամարդոց աշխատած միեւնոյն պայմաններով: Իբրեւ արդիւնաբերական գործունէութեան մէջ ներգրաւուած աշխատաւոր կիներ` անոնք կրնար օրուան երկրորդ մասին ըլլալ դաստիարակներ, ուսուցիչներ կամ հիւանդապահներ, օրուան երրորդ մասին անոնք կրնան գիտութեամբ կամ արուեստներով զբաղիլ, չորրորդ մասին մէջ կրնան որոշ վարչական գործառոյթ կատարել: Անոնք կ՛ուսանին, կ՛աշխատին, կը վայելեն կեանքի հաճոյքներն ու կը ստեղծագործեն այլ տղամարդոց կամ կիներու հետ: Այս բոլորը կ՛ըլլան, որովհետեւ ընկերվարական համակարգին մէջ այլեւս աշխատանքը պարտականութիւն չ՛ըլլար ապրուստը ապահովելու համար, ինչպէս որ է դրամատիրական համակարգի պարագային, այլ հաճոյքի կը վերածուի:
Սիրոյ հարցին մէջ կիները պիտի ըլլան ազատ, ինչպէս որ տղամարդիկն են, անոնք պիտի միանան իրենց ընկերակիցներուն` մղուած իրենց ազատ կամքէն եւ զգացումներէն, առանց որեւէ այլ նկատառումներու: Այս «միացում»-ը անհատական համաձայնութիւն մը պիտի ըլլայ` առանց որեւէ միջնորդի միջամտութեան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ էր ամուսնութիւնը հին ժամանակներուն: Այստեղ, ըստ Պեպելի, ընկերվարութիւնը նոր գիւտ մը չի կատարեր, այլ գրեթէ միեւնոյն ձեւով կը վերահաստատէ, քաղաքակրթական աւելի բարձր մակարդակի վրայ եւ ընկերային տարբեր վիճակի ներքեւ, այն, ինչ որ գոյութիւն ունէր, առաջ որ անհատական սեփականութիւնը տիրական երեւոյթի վերածուի ընկերութեան մէջ: Հազարաւոր տարիներ շարունակ մարդկային ընկերութիւնը անցած է զարգացման զանազան փուլերէ` վերադառնալու համար իր սկզբնաւորութեան կէտին, որն է` համայնական սեփականութիւնը եւ ամբողջական ազատութիւնն ու եղբայրութիւնը: Բայց ասիկա պիտի ըլլայ ո՛չ թէ յօգուտ խումբ մը մարդոց, այլ` ի շահ բոլոր մարդ անհատներուն: Ընկերվարական մեծ մտածողը եւ յեղափոխականը` Օկիւսթ Պեպել կը նշէ, որ այն, ինչ որ քաղքենիական ընկերութիւնը ձախողեցաւ ընել` բոլորին համար հաստատելով ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն, իրականութիւն պիտի դառնայ ընկերվարութեան միջոցով:
«Կնոջ ամբողջական ազատագրումը եւ անոր կողմէ տղամարդուն հետ հաւասար իրաւունքներու ձեռքբերումը մեր մշակութային զարգացման նպատակներէն մէկն է, որուն իրականացման դէմ ոչ մէկ ուժ կրնայ կանգնիլ: Բայց անիկա կրնայ իրականանալ միայն վերափոխումի միջոցով, որ պիտի վերացնէ մարդու տիրապետութիւնը մարդու վրայ, ներառեալ դրամատէրին տիրապետութիւնը աշխատաւորին վրայ: Այն ժամանակ միայն մարդկութիւնը կրնայ իրականացնել իր ամբողջական զարգացումը: «Ոսկեդար»-ը, որուն մասին մարդիկ կ՛երազէին, եւ որուն կը սպասէին հազարաւոր տարիներէ ի վեր, վերջապէս պիտի գայ: Դասակարգի տիրապետութիւնը ընդմիշտ պիտի վերանայ, անոր հետ ալ պիտի վերանայ տղամարդու տիրապետութիւնը կնոջ վրայ», կիներու ամբողջական ազատագրումը այսպէս կը բանաձեւէ գերմանական ընկերվար-ժողովրդավարութեան եւ մարքսականութեան մեծ տեսաբան Օկիւսթ Պեպել: Որովհետեւ ընկերվարութեան համար «կիներու ազատագրում» հասկացողութիւնը իբրեւ առանձին հասկացողութիւն գոյութիւն չունի, այլ անիկա անքակտելի մէկ մասն է իրաւազուրկ, կեղեքուած մարդկութեան ընկերային ազատագրութեան: