Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ Անթիլիասի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանի, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Դրօ Մանտալեանի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ժորժ Սապունճեանի, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեանի, այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, նախագահական պալատին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը, նախագահ զօր. Միշել Աունին յանձնեց ախոյեանութեան տիտղոսը:
«Մեր տուած խոստումը իրականացուցած` հպարտօրէն այս բաժակը կը նուիրենք ձեզի», ըսաւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց բոլոր պատասխանատուները, մարզիկները եւ մարզիչները անխտիր` աւելցնելով, որ անոնք իրենց ձեռք ձգած այս յաջողութեամբ բարձր կը պահեն Լիբանանի եւ հայութեան անունը: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային եւս կրկնուին այսպիսի իրագործումներ: