ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ երկխօսութեան վերսկսումը եւ կոչ ուղղած է անոնց` ընթանալու այս ուղիով: Այդ մասին ան յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Ըստ անոր, Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան: «Ես ուրախ եմ լսելով ձեր եւ Հայաստանի նախագահին միջեւ երկխօսութեան վերսկսման մասին: Մենք կոչ կ՛ուղղենք` բանակցութիւններու միջոցով շարունակելու դէպի կարգաւորում տանող ուղին` խուսափելով որեւէ նոր լարուածութենէ», ըսած է ան:
Ալիեւ, իր հերթին, դարձեալ բողոքած է, որ Հայաստան չի կատարեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ընդունած 4 բանաձեւերը: