«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան երկուշաբթի, նոյեմբեր 20-ին նամակ մը յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:
Ըստ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին, նամակին մէջ Պէքճեան անդրադարձած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցին: Նամակի բովանդակութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չկան:
Նոյն հարցին կապակցութեամբ պատրիարքական տեղապահը այլ նամակ մը յղած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան:
Էրտողան, 18 յունուար 2017-ին հանդիպում մը ունենալով Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հոգաբարձու կազմի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ` խոստացած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հարցով զբաղիլ անցած ապրիլի սահմանադրական հանրաքուէէն ետք: Այնուհանդերձ, նոր պատրիարք ընտրելու գործընթացը ցարդ կը մնայ անլոյծ: