Յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով, երէկ 3,4 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցած է Ազրպէյճանը, Աղջաբերդ քաղաքէն 26 քմ դէպի արեւմուտք ուղղութեամբ:
Հինգշաբթի երեկոյեան արձանագրուած երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ, աւելի նուազ տարողութեամբ` 2-3 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ:
Նշենք, որ չորեքշաբթի օր 5,3 ռիխթըր աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը նոյնպէս ցնցած էր Ազրպէյճանը` Մինկեչաուր քաղաքէն 68 քմ դէպի հարաւ, Իրանի հետ սահմանին ուղղութեամբ:
Տեղական ժամանակացոյցով, չորեքշաբթի գիշերուան ժամը 11:48-ին արձանագրուած երկրաշարժը զգացուած էր նաեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին եւ Արցախի մէջ` 2-3 ռիխթըր աստիճան ուժգնութեամբ: