Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Զինուորական ծառայութեան եւ զինուորի կարգավիճակի մասին» օրէնքի նախագիծը:
«Արմէնփրես»-ի տեղեկութիւններով` նախագիծին կողմ քուէարկեց 86, իսկ դէմ` 6 պատգամաւոր («Ելք» դաշինքի անդամները «Ա.»):
Մինչ այդ, երէկ Ազգային ժողովին դիմաց ուսանողները ցոյց կատարեցին, անոնք շարունակեցին դասադուլն ու հացադուլը: Անոնք ժողովի գումարումէն առաջ հանդիպում մը ունեցան Ազգային ժողովի ղեկավարութեան հետ, որմէ ետք ուսանողները յայտարարեցին դասադուլի եւ հացադուլի դադրեցումը: