7,3 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը երէկ հարուածեց Իրաքը: Երկրաշարժի կեդրոնը Սուլէյմանիէ քաղաքէն 103 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք էր:
Ցնցումը զգացուեցաւ Իրանի, Քուէյթի եւ Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի եւ Լիբանանի կարգ մը քաղաքներուն մէջ:
Ըստ իրաքեան լրատու գործակալութեան, երկրաշարժը ահ ու սարսափ յառաջացուցած է Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի եւ շարք մը այլ նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ պատճառ դարձած է ելեկտրականութեան եւ բջիջային հեռաձայններով հաղորդակցութեան ընդհատման:
Իրանի մէջ եւս ութ գիւղեր վնասուած են եւ կարգ մը գիւղերու մէջ ընդհատուած է ելեկտրականութեան մատակարարումը:
Ըստ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու, հիւսիսային Իրաքի մէջ երկրաշարժը պատճառեց 50 վիրաւոր: