Փաքիստան բանակցութիւններ կը վարէ Ազրպէյճանի հետ միանալու համար «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրական միջանցքի նախագիծին, որ պէտք է միաւորէ Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ երկաթուղիները: «Քոմմերսանթ» կը հաղորդէ, որ բանակցութիւններուն մասին յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Փաքիստանի դեսպան Սայիտ Խան Մոհամետը:
«Ազրպէյճանի նախագահի վերջերս Փաքիստան կատարած այցելութեան ժամանակ կողմերը քննարկած են «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրական միջանցքը փաքիստանեան Կվատար նաւահանգիստին հետ, ապա Չինաստան-Փաքիստան տնտեսական միջանցքին հետ միացնելու մասին հարցը: Որովհետեւ ատիկա պիտի ապահովէ Ազրպէյճանի Չինաստան հասանելիութիւն», յայտարարած է դեսպանը:
Անոր համաձայն, երբ պատրաստ ըլլայ Ղազվին-Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղային ճամբան, Ազրպէյճան պիտի ստանայ Փաքիստանի հետ ուղիղ երկաթուղային կապ, որովհետեւ Ազրպէյճանը եւ Իրանը արդէն կապուած են երկաթուղային ճամբով:
«Հոլովոյթի աւարտէն ետք, պիտի սկսի Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Փաքիստանի մէջ առեւտուրի զարգացման հոլովոյթ», յայտնած է Սայիտ Խան Մոհամետ:
«Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրութեան միջանցքը նախատեսուած է Հիւսիսային Եւրոպան Հարաւարեւելեան Ասիոյ միացնելու համար:


