Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԱՏԸ…

November 2, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱԼԻԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայկազեան համալսարանի եւ «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»ի համագործակցութեամբ, Հայկազեանի ինը ուսանողներ առիթը ունեցանք, մէկ ամսուան համար ապրելու Հայաստանի մէջ եւ հոն մեր ներդրումը բերելու երկրին ամէնէն աշխուժ եւ կարեւոր հաստատութիւններէն մէկուն` «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»ի մէջ: Այս աննախընթաց առիթը շատ մեծ փորձառութիւն մըն էր մեզի համար` շատ մը տեսանկիւններէ դիտուած: Սակայն անկախ գործի, ապրելակերպի եւ ժողովուրդի հետ շփման տեսակէտներէն, կ՛ուզեմ անդրադառնալ տարբեր դիտանկիւնի մը: Դիտանկիւն մը, որ ամբողջ ալիք մը յառաջացուց  իմ մէջս:

Ուրբաթ գիշեր մըն էր. խումբը, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն մեզի ծանօթ այլ բարեկամներ պիտի հանդիպէինք գիշերային զբօսավայրի մը մէջ: Մթնոլորտը բաւական տարբեր էր Լիբանանի նոյնանման վայրերու մթնոլորտէն: Սկսելու համար, հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը կ՛իշխէին օտար եղանակներուն վրայ, բան մը, որ մեծապէս կը յուզէր զիս: Բնաւ չէի մտածած, թէ  նմանօրինակ վայրի մը մէջ հայերէն երգ լսելը ինչպիսի ազդեցութիւն մը կրնայ ունենալ վրաս: «Հարազատութեան», զգացումը, որ մէջս յառաջացած էր օդանաւին Հայաստան վայրէջք կատարած վայրկեանէն իսկ, աւելի կ՛ամրապնդուէր մէջս իւրաքանչիւր հայ երգի հետ…

Այս մտածումներուն մէջ թաղուած` արդէն իսկ չէի լսեր բարեկամներուս խօսակցութիւնը, կարծէք հոգեպէս կը հեռանայի անոնցմէ: Առիթը օգտագործելով` կ՛որոշեմ մօտենալ պատի մը, զոր նկատած էի մտած պահուս:

Պատին վրայ կային  բազմաթիւ ստորագրութիւններ, հետաքրքրութիւնս աւելի ու աւելի կը սրի, եւ կը սկսիմ կարդալ զանոնք. «Վրէժ, Խաչիկ, սիրով` Փաթիլ, լաւագոյն մաղթանքներով` Անի…»: Ու յանկարծ ձայն մը. «Դուրդ եկաւ, հա՞. արեւելահայերէն արտայայտութիւն մը, սակայն հնչողութիւնը` արեւմտահայերէն: Կը դառնամ, կը ծանօթանանք: Ճաշարանատէրն է. սուրիահայ երիտասարդ մը, որ վեց ամիսէ հաստատուած է Երեւան եւ երկու ամիսէ արդէն գործի լծուած է: Միասնաբար կը շարունակենք կարդալ պատին վրայի գրութիւնները:

«Խաչիկ եւ Փաթիլ այս զոյգը,- կը պատմէ Մեսրոպը,- Հայաստանի մէջ ծանօթացած են իրարու, մօտ երեք տարիներ առաջ, արձակուրդի ժամանակ: Փաթիլը ֆրանսահայ է, իսկ Խաչիկը` եգիպտահայ: Այսօր կ՛ապրին Երեւանի մէջ եւ կը գործեն զբօսաշրջութեան գրասենեակի մը մէջ»: Ապա ան կը շարունակէ. «այս մէկը` Լորիկը, քանատահայ ուսանողուհի մըն է քանի մը ամիս առաջ իր ներդրումը բերած է մօտ երկու ամսուան աշխատանքով Գիւմրիի մէջ»:

Կը յառաջանանք` միասնաբար կարդալով պատին վրայի անունները, երբ յանկարծ կը հասնինք սեղանի մը. արգելք էր պատին շարունակութեան: Սեղանին շուրջ նստած են երեք երիտասարդներ, կարծէք` պատին շարունակութիւնը ըլլան անոնք, տէրը զիս կը ծանօթացնէ անոնց` Մհեր, Վրէժ եւ տիգրան: Մհերը լիբանանահայ է, մէկ ամսուան համար եկած է Երեւան ու պարի անձնական դասերու կը հետեւի: Տիգրանը քանատահայ է եւ կը հետեւի գծագրութեան դասընթացքներու, իսկ Վրէժը ամերիկահայ է, ինք եւ իր հայրը Տաթեւի ճոպանուղիի ճարտարապետներու խումբին մաս կը կազմեն: Կը միանանք այս խումբին ու կը զրուցենք, իւրաքանչիւրը կը պատմէ իր մասին, իր գաղութին մասին, իրեն համար Հայաստանի նշանակութեան մասին եւ իր մօտակայ ու հեռակայ ծրագիրներուն մասին:

Իւրաքանչիւրս ունէինք տարբեր ենթահողեր, տարբեր ապրելակերպեր, տարբեր ծրագիրներ: Սակայն այդ գիշեր, այդ սեղանին շուրջ, մեր հայ ըլլալը մեզի միացուցած էր, հայերէնը մեզ կը կապէր աշխարհի չորս անկիւններէն Երեւանի մէջ հաւաքուելու գաղափարը, նոյնիսկ քանի մը ժամուան համար, զիս կ՛ուրախացնէր, Հայաստանի հանդէպ մեր ունեցած կապուածութիւնը զիս կը յուզէր. տարբեր ցամաքամասերու վրայ ինծի նման հայ երիտասարդներու գոյութեան գաղափարը իմ մէջս հսկայական ալիք մը կը յառաջացնէր: Թէեւ միշտ ալ լսած էի «Հայերը տարածուած են աշխարհի չորս կողմերը» արտայայտութիւնը, սակայն առաջին անգամ ըլլալով մորթիս վրայ կը զգայի այդ նախադասութեան խոր իմաստը: Հետաքրքրական երեկոյ մը անցընելէ ետք, մենք ալ կ՛առնենք գրիչը ու կը գրենք մեր անունները այդ պատին վրայ, ուրիշ հարիւրաւոր անուններու շարքին. «Մհեր, Վրէժ, Տիգրան, Բալիկ»…

Այդ գիշեր` մենք ալ մեր հետքը կը ձգենք այդ պատին վրայ, մենք ալ կ՛անցնինք աշխարհացրիւ հայ երիտասարդներու լայն շարքին:

Յուզիչ կ՛ըլլայ մեր այս բաժանումը: Աշխարհի չորս ծագերէն եկած մեր այս խումբը արդեօք օր մը դարձեալ կը հանդիպի՞ Երեւանի մէջ… Այդ կարճ զրոյցը տարօրինակ ազդեցութիւն գործած էր վրաս: Տղաքը կը հեռանան, իսկ ես կը մնամ այդ պատին դիմաց…:

Պատ մը, որ կը թափանցէ մեր այսօրուան զրոյցը:

Պատ մը, որ կը համախմբէ տարբեր երկիրներէ հայրենիք վերադարձած հայ երիտասարդները…

Պատ մը, որ կը ներկայացնէ այսօրուան հայ երիտասարդութեան վիճակը…

Պատ մը, որ կը պարփակէ հայրենիքի նկատմամբ մեր խանդն ու կորովը…

 


Նախորդը

ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍԻԶԻԻ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.