Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՆՊԱՏԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

March 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական աշխարհին մէջ որոշ ատենէ ի վեր կը նկատուին վարչակարգի փոփոխութեան եւ մասնատման հոլովոյթներ, որոնք տարածուած են Ատլանտեանէն մինչեւ Արաբական ծոց:

Շաբաթ օր արեւմտեան ուժերու կողմէ ընթացք առած հարուածները Լիպիոյ վերեւ հաստատեցին թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը: Այդ քայլը քիչ մը ուշացաւ, որովհետեւ լիպիացի ըմբոստները, իրենց սկզբնական յաջողութիւններէն գինովցած, սկիզբը կտրականապէս մերժեցին միջազգային միջամտութիւնը, սակայն Արեւմուտքը Քազզաֆիի ուժերուն արտօնեց մինչեւ Պենկազի յառաջանալ` կոտրելու համար ըմբոստներուն «ըմբոստ» կամքն ու կարծր կեցուածքը եւ զանոնք աւելի «ճկուն» դարձնելու: Ֆրանսա Արեւմուտքի բանբերի պաշտօնը ստանձնելով անցեալ ուրբաթ օր յայտարարեց, որ Քազզաֆիի դէմ օդային հարուածները պիտի սկսին քանի մը ժամէն, ինչ որ Քազզաֆիի ուժերուն բացայայտ հրաւէր մըն էր արագ շարժելով կարելի եղածին չափ յառաջանալու: Ապա այդ պայմանաժամը երկարաձգուեցաւ, եւ շաբաթ օր, մինչ Քազզաֆիի ուժերը Պենկազիի դռները հասած էին, Ֆրանսա փոխանցեց այն պատգամը, թէ Լիպիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւնը տեղի պիտի ունենայ այդ օր` Փարիզի մէջ նախատեսուած վեհաժողովէն ետք: Յստակ է, որ Արեւմուտքին կատարածը Քազզաֆիի ուժերուն յաւելեալ ժամանակ տրամադրելու քայլ մըն էր, որովհետեւ յարձակում գործելու մտադրութիւն ունեցողը իր յարձակումին ժամկէտը ո՛չ նախօրօք թշնամիին կը փոխանցէ, ո՛չ ալ զինուորական այդ գործողութիւնը կ՛երկարաձգէ: Ըստ երեւոյթին, Արեւմուտքը կը փափաքէր, որ գետնի վրայ զարգացումները ժամանակավրէպ դարձնեն ՄԱԿ-ի թիւ 1973 բանաձեւը, զոր որդեգրած էր հարկադրաբար` միջազգային հանրային կարծիքի ճնշումին տակ:

Ակնյայտ է, որ ըմբոստները զոհ գացին իրենց անփորձութեան, անկազմակերպ վիճակին, Քազզաֆիի վարչակարգին բրտութեան եւ մեծ պետութիւններու տնտեսական շահերուն: Ի տես Քազզաֆիի ուժերուն դէպի Պենկազի արագ յառաջխաղացքին, անոնք իրենց մերժողական կեցուածքը շրջելով` սկսան Արեւմուտքէն փրկութիւն աղաչել: Արեւմուտքը չէր սխալած, որ վախն ու յուսահատութիւնը, ինչպէս նաեւ հետագային փրկարարին նկատմամբ երախտագիտութիւնը մարդիկը աւելի «ճկուն» դարձնելու յատկութիւնը ունին: Բացառուած չէ, որ այս արիւնալի թատերգութիւնը Լիպիոյ քարիւղի հարստութեան աւելի «արդար» բաժնեկցութեան մը շուրջ Արեւմուտք-ըմբոստներ եւ Արեւմուտք-Քազզաֆի բանակցութեանց մէկ արտայայտութիւնն է:

Միւս կողմէ, յստակ է, որ զինուորական հարուածները պիտի չտապալեն Քազզաֆիի վարչակարգը, սակայն անոնք կրնան երկրին բաժանումը ամրագրել: Արաբական աշխարհին մէջ ժողովրդային ըմբոստութեան եւ մասնատման հոլովոյթներուն նպատակը նոր համակարգի մը ստեղծումն է: Լիպիոյ պարագային կը թուի, թէ ժողովրդային ըմբոստութեան հոլովոյթին ձախողութենէն ետք որդեգրուած է մասնատման հոլովոյթը եւ ի տարբերութիւն Սուտանի, այդ մասնատումը տեղի կ՛ունենայ բիրտ եւ արիւնալի կերպով: Ուրեմն այդ երկու հոլովոյթները ընդամէնը նոյն նպատակը հետապնդող այլընտրանքային միջոցներ են:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նախորդը

ՀՈԳԵԲԱՆՕՐԷՆ ԽԵՂԵՑԻՆՔ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆԸ». ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆ ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ

Յաջորդը

ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ԱԺԱՆԱԳԻՆ ՎԵՐԱԳՐՈՒՄՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.