Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 8 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Անթուան Ղորայյեպի անուան պասքեթպոլի 5-րդ մրցաշարքին բացման հանդիսութիւնը:
Այս առիթով խօսք պիտի առնեն Ժըտէյտէ – Պաուշրիէ – Սատ շրջանի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք:
Նշենք, որ նաեւ պիտի կիրարկուի գեղարուեստական յայտագիր մը:



