6 հոկտեմբերին հանդիպում ունենալով Բրիտանական խորհուրդի շրջանային տնօրէն Շիլա Լումստենի եւ խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբեկեանի հետ` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան յայտնած է, որ օտար լեզուներու հայեցակարգերը կարելիութիւն պիտի տան աւելի ճկուն կերպով համագործակցելու միջազգային կառոյցներուն հետ:
Նախարարը շնորհաւորած է հիւրերը` Հայաստանի մէջ Բրիտանական խորհուրդի գործունէութեան 15-ամեակին առիթով եւ նշած է, որ խորհուրդը Հայաստանի մէջ կը տանի կարեւոր գործունէութիւն, ուր կրթութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան կարեւոր տեղ յատկացուած է: Լեւոն Մկրտչեան յատկապէս լուսարձակի տակ առած է անգլերէնի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան հոլովոյթը եւ ուսուցման որակի ապահովման վերաբերող Բրիտանական խորհուրդի աջակցութիւնը:
Նախարար Լեւոն Մկրտչեան` ներկայացնելով այս բնագաւառին մէջ ընթացող բարեփոխումները, անդրադարձած է օտար լեզուներու դասաւանդման արդիւնաւէտութեան բարձրացման հայեցակարգերուն, որոնք հիմա ամփոփման փուլի մէջ են արդէն: Ան կարեւոր նկատած է զանոնք` միջազգային մակարդակի վրայ գործունէութիւն ծաւալելու, լեզուներու ուսուցման մեթոտաբանութեան եւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան համար:
Իր կարգին, Բրիտանական խորհուրդի շրջանային տնօրէնը` շնորհակալութիւն յայտնելով այս բնագաւառին մէջ առկայ համագործակցութեան համար, անդրադարձած է Հայաստանի մէջ խորհուրդի հետագայ գործունէութեան առնչուող ծրագրային եւ կազմակերպչական հարցերուն: Լումստեն պատրաստակամութիւն յայտնած է ամրապնդելու եւ ընդլայնելու աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:
Լեւոն Մկրտչեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ կրթութեան բնագաւառին մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ Հայաստանի մէջ Բրիտանական խորհուրդի գործունէութեան 15-ամեակին առիթով խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբեկեան պարգեւատրուած է նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` «Ոսկիէ յուշամետալ»-ով:



