Համաձայնական կառավարութիւն ձեւաւորելէ առաջ ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ ձեւաւորուած քաղաքական խորհուրդը կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ եւ հարցեր քննարկել: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ վերջին անգամ ե՞րբ հանդիպած է ՀՀԿ-ՀՅԴ խորհուրդը եւ ի՞նչ հարցեր կան օրակարգի վրայ` ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը ըսաւ. «Որոշակի պարբերականութեամբ խորհուրդը նիստեր կը գումարէ, կը քննարկուին առկայ հարցերը: Եթէ ըլլան Ազգային ժողովին մէջ քննարկուելիք կարեւորագոյն նախագիծեր, միացեալ նիստեր կը կազմակերպենք եւ միասին կը փորձենք որոշումներ տալ ու համախոհութիւն ձեւաւորել: Սովորական աշխատանքային հոլովոյթ է»:
Վարդանեան ըսաւ, որ երկու-երեք օր առաջ ՀՀԿ-ՀՅԴ խմբակցութիւնները նիստ ունեցած են, իսկ խորհուրդը վերջին անգամ մօտ մէկ ամիս առաջ հանդիպած է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խորհուրդը պիտի քննարկէ՞ 2018-ին վարչապետի թեկնածուի հարցը, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց, որ քաղաքական համաձայնագիրով նախատեսուած է, որ վարչապետի թեկնածու առաջադրելու իրաւունքը կը պատկանի ՀՀԿ-ին, բայց ՀՀԿ-ն պիտի խորհրդակցի ՀՅԴ-ի հետ` թեկնածուի առաջադրման հարցով:
Իսկ «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրասիական տնտեսական միութիւն եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: Ա. Վարդանեան ըսաւ. «Ժամանակային այս փուլին նման հարց բարձրացնելը, չեմ բացառեր, որ կրնայ նաեւ խանգարիչ հանգամանք ըլլալ: Մենք դժուարութեամբ եկած-յանգած ենք վիճակի մը, երբ ունինք ե՛ւ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ անդամակցութիւնը, ե՛ւ ունինք կարելիութիւն Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիր ստորագրելու, այսինքն` «Ե՛ւ,ե՛ւ»-ի քաղաքականութիւն: Եւ մէկ քայլով փորձել փոփոխութիւն կատարել, ո՞րն է նպատակը, ատիկա ի՞նչ պիտի տայ մեզ»:
Ան նշեց, որ վստահաբար այսօր Հայաստանը ունի խնդիրներ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու հետ Ղարաբաղի տագնապին հետ կապուած. «Այսօր առաւելագոյնը պէտք է փորձենք ամէն ինչ ընել, որ նոյեմբերին կամ մօտակայ ժամանակներս Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրը ստորագրուի, եւ պէտք է կարենանք հաւասարակշռութեան բերել մեր յարաբերութիւնները», աւելցուց Աղուան Վարդանեան:



