Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար շեշտեց, որ եթէ աշխատավարձի յաւելումները յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին չվաւերացուին, ապա իրենք պիտի վերադառնան փողոց` դարձեալ դիմելով գործադուլի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի ըսաւ. «Մերժելի է, որ շարժակներուն սեփականատէրերը հարստութիւններ դիզեն»:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ տեղահանուածներու թղթածրարին իմաստով մեծ ջանքեր ի գործ կը դրուին, սակայն այդ ճիգերը կը բախին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի զետեղած խոչընդոտներուն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 200 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 100 լ. ոսկիով, մազութինը` 300 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 200 լ. ոսկիով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախարար Թալալ Արսլանի եւ անոր զաւակին` Մաժիտ Արսլանի հետ: Ժոմպլաթի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ: Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ տուրքերուն վերաբերող օրէնքները ոչ մէկ կապ ունին աշխատավարձի յաւելումներուն հետ, այլ` պետական ամավարկին ստեղծած նիւթական բացը գոցելուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը ոչ մէկ հրաւէր յղած է սուրիացի տեղահանուածներուն` Սուրիա վերադառնալու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող օրէնք մը տակաւին չէ վաւերացուած` յոյս յայտնելով, որ անիկա պատճառ չըլլայ ընտրութիւններու ուշացումին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս  շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան իրավիճակը լաւ պիտի չըլլայ, եթէ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու իմաստով ճնշումները շարունակուին բանեցուիլ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մուտքին որդեգրած իր միջոցառումները խստացուցած է` արգիլելու համար Այն Հելուէէն ահաբեկիչներուն փախուստը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը միտի գաղթականներուն թղթածրարին վերաբերող ծրագիրը գործադրութեան դնել:

 

Նախորդը

Թուրքիան Չ՛ողջուներ Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէն

Յաջորդը

Մալլաք. «Լիբանանի Ներքին Ապահովական Կայունութիւնը Կը Սկսի Սահմաններուն Պաշտպանութեամբ»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.