Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաքներ. Նոպէլեան Նոր Մրցանակի Ծրագիր…

October 3, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ աշխարհի տարածքին յարգանք ու համարում վայելող լրատու աղբիւրներ մե՜ծ գիւտ մը ըրին. յայտարարեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները ի վերջոյ որոշած են ինքնաշարժ վարելու արտօնութիւն տալ կիներուն, կիրարկելի` յառաջիկայ տարի, այս իրագործումը վերագրեցին երիտասարդ գահաժառանգին եւ ընդամէնը 25 վայրկեան տեւող միջազգային լուրերուն շարքին, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւններով, շուրջ 5 վայրկեան տրամադրեցին այս լուրին:

Եմէն

Թէ աշխարհի ժողովուրդներուն համար այս լուրը որքա՛ն կարեւորութիւն պէտք է ունենայ, կամ արդեօք պէ՞տք է կարեւոր իրադարձութիւն նկատուի, մեզ չի հետաքրքրեր: Մեզ կը հետաքրքրէ ու կը մտատանջէ այլ զարգացում մը, որուն ոչ իսկ մէկ վայրկեան կը տրամադրեն աշխարհի տարածքին յարգանք ու վարկ, հաւաստիութիւն վայելող նոյն լրատու աղբիւրները. Սէուտական Արաբիոյ հարաւային սահմանէն անդին` կայ «մոռցուած» Եմէն մը, ուր մահը իր «թագաւորութիւնը» հաստատած է աւելի քան 3 տարիէ ի վեր, ամէն օր հարիւրաւոր կեանքեր կը հնձէ, մանուկներ, պարզ քաղաքացիներ զոհ կ՛երթան ռմբակոծումներու, աւելի քան կէս միլիոն հոգի քոլերայի զոհ կրնայ երթալ կարճ ժամանակի մէջ, ամբողջ քաղաքներ կործանած են: Այս բոլորը կը կատարուին հիմնականին մէջ սէուտական օդանաւերու եւ հրետանիին միջոցով, Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու ուղղակի քաջալերանքով եւ զինական |ներդրումով\: Եւ… ոչ իսկ բառ մը:

***

Փորթօ Ռիքօ

Փորթօ Ռիքոն ամերիկեան կիսանահանգ մըն է. 19-րդ դարու վերջերէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու կցուած կղզի է, քաղաքացիները  ՕՐԷՆՔՈՎ զրկուած են որոշ իրաւունքներէ: Վերջին տարիներուն կղզի-կիսանահանգը տնտեսական սուր տագնապի մատնուած է, հասած է սնանկութեան եզրին: Պատճառներուն գլխաւորը անբարեխիղճ դրամատիրութիւնն է եւ… մասամբ նորին: Կղզին վերջին քանի մը շաբաթներուն իրարու ետեւէ հարուածներ ստացաւ ահաւոր մրրիկներէ, մեծ մասամբ կործանեցաւ, ապրուստի պայմանները դարձան անհասանելի պերճանք: Վնասները կը գնահատուին բազմամիլիառ տոլարներով… Դաշնակցային կառավարութիւնը «ոտքերը կը քաշքշէ» օգնութեան փութալու, իսկ հանճարե՜ղ նախագահը կը պարծենայ, որ նպաստամատոյց սպասարկութիւնները իրենց լաւագոյնը կ՛ընեն եւ գնահատանքի կ՛արժանանան: Ինք հազիւ երեքշաբթի, 3 հոկտեմբերին ժամանակ պիտի ունենայ Փորթօ Ռիքօ այցելելու, որովհետեւ… չ՛ուզեր արգելք ըլլալ օժանդակութեան աշխատանքին. իսկ երբ երեսին կը տրուի օժանդակութեանց ուշացումը, կը դառնայ աշխարհագրութեան դասախօս – գիւտարար. «Գիտէ՞ք` Փորթօ Ռիքոն կղզի է, Անտլանտեան ովկիանոսին մէջ կը գտնուի. այդ ովկիանոսը մեծ է, կղզին հեռու է, չի նմանիր Թեքսասին կամ Ֆլորիտային, ուր կարելի է արագ օգնութիւն հասցնել»: Ա՜խ,  ի՜նչ տխմար են քննադատները, որոնք այսքան պարզ բան մը չեն կրնար տեսնել, աշխարհագրութիւն ըսուածին մասին գաղափար չունի՜ն: Մեր ուղտերը ինչպէ՞ս կտրեն ովկիանոսը, լողալ ալ չեն գիտեր խեղճերը…

***

Միանմար

Ասիոյ հարաւարեւելեան ծայրամասին կայ Միանմար անունով երկիր մը, պատմութեան մէջ աւելի ծանօթ` Պուրմա անունով: Տասնամեակներ շարունակ այս երկիրը աշխարհի ուշադրութեան առարկան էր երկու գլխաւոր պատճառով. առաջին` 1962-ին, երբ զինուորականները պետական հարուածով մը իշխանութեան հասեր էին եւ` բռնատիրութիւն հաստատեր. երկորդ` անոնց դէմ ի խնդիր ժողովրդավարութեան երկարաշունչ պայքար մղեց երիտասարդուհի մը` Աունկ Սան Սիւ Քի, նոր օրերու Պուրմայի «հայրը» նկատուող Աունկ Սանի դուստրը, որ երկար ատեն ներքին ու արտաքին աքսորականի վիճակ վայելեց, իր պայքարը յաղթանակով աւարտեց 2011-ին, զինուորական իշխանութիւնը պաշտօնապէս լուծարքի ենթարկուեցաւ, եւ այժմ  Սու Քի կը գրաւէ երկրին ամէնէն բարձր պաշտօնը, համազօր` վարչապետի: Արդարօրէն շահած է խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ: Յետոյ… Միանմարը հիմա տարբեր պատճառներով աշխարհի ուշադրութիւնը կը գրաւէ. երկրին հարաւարեւմտեան շրջանին մէջ կան իսլամական ցեղեր, ծանօթ` ռոհինճա անունով: Անոնք ենթակայ դարձած են բռնագաղթի. բազմաթիւ գիւղեր ու աւաններ հրոյ ճարակ դարձած են, ջարդեր տեղի կ՛ունենան, ու ամբաստանութեան մատները կ՛ուղղուին զինուորականներուն, կ՛ըսուի, թէ անոնք կը մնան երկրին իրողական վարիչները: Դրացի Պանկլատէշ ապաստանողներուն թիւը օրէ օր կ՛աւլելնայ, կը մօտենայ կէս միլիոնի: Մարդկային ողբերգութեան մը ամէնէն գունագեղ արտայայտութիւնները կ՛արձանագրուին: Միանմարի իշխանութիւնները չեն ընդունիր, որ խտրական մօտեցումով ջարդ-բռնագաղթ տեղի կ՛ունենայ, Նոպէլեան մրցանակաւոր ղեկավարուհին կ՛ըսէ, թէ ինք լուր չունի, որ նման դէպքեր պատահած են, այսինքն լրագրողներու ոսպնեակներուն ցուցադրածները կրնան յերիւրածոյ ըլլալ, ու կը խոստանայ կանխամիջոցներու դիմել…

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան աշխարհի աչքերուն առջեւ, հիմա, երբ լուրերը թռչունէն շատ արագ, լոյսի արագութեամբ կրնան ճամբորդել, ՄԱԿ-ը իր տարեկան նստաշրջանը կը գումարէ, եւ քուլիսներու մէջ հազար ու մէկ տեսակի սակարկութիւն տեղի կ՛ունենայ, մեծ մասամբ` նիւթական շահի հետամտութեամբ, ո՞վ որո՞ւ որքա՞ն զէնք պիտի ծախէ-ի տրամաբանութեամբ:

Կեցցե՛ն մարդկային իրաւուքները, կեցցէ՛ ժողովրդավարութիւնը:

Նոպէլեան մրցանակի դատակազմը կը քննարկէ նոր տեսակի մրցանակ մը հաստատել… շահամոլներուն եւ մարդկային ողբերգութիւններ սարքողներուն ու անտեսողներուն համար:

27 սեպտեմբեր

Նախորդը

Հալէպ. Վերամուտ

Յաջորդը

Մանկական Թատրոնը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.