Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Անկայուն «Քիւրտիստան» Մը

September 29, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ        

Կիրակի, 17 սեպտեմբերին Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան լիբանանեան մասնաճիւղը հանրահաւաք մը կազմակերպեց Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ: Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը կը պարզէր «Քիւրտիստան»-ի դրօշակը եւ Մասուտ Պարզանիի նկարները, Քրտական  աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հազիւ 2-3 դրօշակ կար, ինչպէս նաեւ` Օճալանի նկար մը: Ինչ որ յայտնի դարձաւ, այն էր, որ ՔԱԿ-ի անդամները եւ համակիրները չէին մասնակցած հանրահաւաքին եւ գաղափարական որոշ վերապահութիւն ունէին այս հարցին շուրջ:

Քրտական Անմիաբանութիւնը

Վերջին տասնեակին ՔԱԿ-ը գաղափարական եղափոխութիւն մը ապրեցաւ եւ անկախութեան ձգտելու փոխարէն` պահանջեց համադաշնակցութեան ստեղծումը` առանց խախտելու ներկայ սահմանները այն երկիրներուն, ուր քիւրտերը կը գտնուին` Սուրիա, Թուրքիա, Իրաք եւ Իրան: Օճալանի այս գաղափարները ազդուած են Միքայէլ Պաքունինի անիշխանական եւ հակապետական մտածողութեամբ:

Այս պատճառով ալ ՔԱԿ սկզբունքով դէմ է որեւէ ազգայնական շարժումի, կուսակցութեան մէջ պառակտումներ յառաջացան եւ Ապտիւլլա Օճալանի եղբայրը` Օսման Օճալան 2004-ին հրաժարեցաւ ՔԱԿ-էն ու մօտեցաւ Մասուտ Պարզանիին` առաջնորդելով ՔԱԿ-ի ազգայնական հոսանքը : Ներկայիս այս երկու թեւերուն միջեւ բուռն պայքար կայ, թէ ո՛վ պիտի առաջնորդէ քրտական դատը` ՔԱԿ-ի «յառաջդիմական-անիշխանական» հոսա՞նքը (որ նաեւ ծածուկ կը պահէ իր ազգային դիմագիծը), թէ՞ Պարզանիի եւ անոր հետեւողներուն ազգայնական շարժումը: Եթէ Պարզանի յաղթական դուրս գայ, ապա շատ հաւանական է, որ շատեր յարին Օսման Օճալանի գիծին եւ բաժնուին ՔԱԿ-էն, իսկ եթէ ձախողի եւ ՔԱԿ-ի կողմէ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ ծրագրուած Ռոժավայի ծրագիրը շահի (որ ըստ երեւոյթին, դժուար վիճակ կ՛ապրի), ապա ՔԱԿ-ի ազդեցութիւնը պիտի զօրանայ:

1994 մայիսէն մինչեւ 1997 նոյեմբեր հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններուն մէջ բռնկեցաւ ներքին պատերազմ մը, որուն զոհ գնաց աւելի քան 3000 մարդ: Պարզանիի եւ Ժալալ Թալապանիի կուսակցութիւնները բուռն բախումներ ունեցան` տիրելու համար քրտական շրջաններուն, ի վերջոյ ամերիկեան միջամտութեամբ կնքուեցաւ հաշտութիւն մը, ըստ որուն, Պարզանիի կուսակցութինը (Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութիւն) ստանձնեց Էրպիլի իշխանութիւնը, իսկ Թալապանիի կուսակցութիւնը` (Ազգային միասնութիւն կուսակցութիւն) Սուլէյմանիի շրջանը: Մինչեւ հիմա այդպէս է վիճակը եւ կը կարծեմ այդպէս ալ պիտի մնայ: Սակայն ինչպէ՞ս պետութիւն կամ պետականութիւն կրնայ կառուցուիլ, երբ զանգուածը միասնական չէ եւ պետական ծրագիր մը չունի: Շատ յստակ է, որ անկախութեան ճամբան շատ հեռու եւ արիւնալի է քիւրտերուն համար, մանաւանդ որ Իրաքի քրտական շրջաններուն մէջ ընդդիմութիւնը, մէջը ըլլալով` Թալապանիի կուսակցութիւնը, ազատականները եւ իսլամականները, թիւրքմէնները, արաբները եւ ասորի ազգային շարժումները, դէմ են հանրաքուէին: Ըստ երեւոյթին, Պարզանի իր բազուկներու ուժը պիտի փաստէ այս հանրաքուէով:

Սակայն Իրանի, Թուրքիոյ եւ Իրաքի սպառնալիքները մղեցին քիւրտերը, որ միասնական կեցուածքով մասնակցին հանրաքուէին: Մասնակիցներուն 93 առ հարիւրը «Այո՛» քուէարկեց. այս ցուցանիշը նաեւ կը բացայայտէ քիւրտերուն ազգայնական դիմագիծը, որ թաքնուած է ընկերվարութեան կամ ազատական գաղափարներուն ետին: Աւելի՛ն. Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը տնտեսական մեծ ճգնաժամի դիմաց է, մարզին պետական պաշտօնեաները ամիսներէ ի վեր իրենց ամսականները չեն գանձած, եւ կառավարութիւնը պարտքերու տակ է: Այս բոլորին դիմաց Իրան, Թուրքիա եւ Իրաք տնտեսական շրջափակման ենթարկեցին քրտական շրջանները. եթէ Պարզանի զիջողական քայլերու չդիմէ, ապա շրջանը անկայուն մղձաւանջի առջեւ պիտի գտնուի:

Շրջանային Տագնապ

Թուրքիա անմիջապէս դրսեւորեց իր մերժողական կեցուածքը եւ սպառնաց ներխուժել Իրաքի քրտական շրջանները, ուր արդէն իսկ ռազմական խարիսխ մը ունի Մուսուլի մօտ: Թուրքիա ռազմափորձեր կատարեց իրաքեան բանակին հետ` Իրաքի քրտական շրջաններու սահմաններուն մօտ, իսկ միւս կողմէ, Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ համաձայնութեամբ, սկսաւ իր զօրքերը զօրաշարժի ենթարկել Սուրիոյ Իտլիպի եւ Աֆրինի սահմանին վրայ, որպէսզի մուտք գործէ սուրիական սահմանէն: Թուրքիոյ զինուած ուժերը  շաբաթէ մը ի վեր ռազմական ուժեր կը կուտակեն  սուրիական սահմանին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Սփութնիք»-ը` նշելով, որ թրքական բանակը Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Այնթապ նահանգի Իսլահիյէ քաղաքէն ուժեր կ՛ուղարկէ Քիլիս, վերջիններս կը տարածուին սուրիական Աֆրինի սահմանին երկայնքին:

Սակայն Թուրքիոյ այս քայլը նաեւ ունէր յստակ պատգամ մը Սուրիոյ հիւսիսը գտնուղ քրտական խմբաւորումներուն, որոնք գաղափարախօսութեամբ մօտ են ՔԱԿ-ին: Այսպիսով, Թուրքիա զինուորական պաշարման ենթարկեց թէ՛ Իրաքի եւ թէ՛ Սուրիոյ քրտական ուժերը:

Միւս կողմէ Իրան փակեց սահմանը Իրաքի քրտական շրջաններուն դիմաց: Այդ մասին յայտարարած է Իրանի Անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի, կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Շախմանի նաեւ նշեց, որ այս քայլը պիտի յանգեցնէ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին հետ Թեհրանի ունեցած համաձայնութիւններու վերանայման: Ան ընդգծած է, որ Իրան կը ճանչնայ միայն միասնական Իրաքը, ինչպէս նաեւ` այդ երկրին դաշնակցային իշխանութիւնները:

Ռուսական մտահոգութիւնը շատ հեռու չէ Իրանի եւ Թուրքիոյ մտավախութիւններէն: Երկու երկիրներն ալ ունին «քրտական  հարց»: Ըստ բազմաթիւ աղբիւրներու, քիւրտերը կը կազմեն Թուրքիոյ բնակչութեան 15-20առ հարիւրը,  իսկ Իրանի պարագային` մօտ 10 առ հարիւրը: Միշտ ալ այս երկու երկիրներուն մէջ քրտական անջատողական շարժումը եղած է աշխուժ. ռուսերը իրենց կարգին մտավախութիւն ունին, որ այսպիսի անջատողական շարժումները հասնին իրենց սահմանները, մասնաւորապէս Հիւսիսային Կովկասի իսլամական շրջաններուն մէջ: Հետեւաբար երեւակայական չէ, որ 1850-ի պատմութիւնը կրկնուի: Մտահոգուած` 1848-ին Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած ազգային-ազատագրական յեղափոխութիւններէն, ցարական Ռուսիա, Պրուսիա եւ Աւստրիական կայսրութիւնը դաշինքի մէջ մտան` դէմ դնելու որեւէ անջատողական շարժումի, որ կը սպառնայ իրենց ազգային ինքնիշխանութեան: Այո՛, մրցակցութիւն կար այս երեքին միջեւ, սակայն ատիկա չէր վտանգեր անոնց սահմանային միասնութիւնը:

Եզրափակում

25 սեպտեմբերին Իրաքի քրտական շրջաններուն մէջ ժողովուրդը տուաւ իր պատասխանը` պահանջելով անկախութիւն: Թերեւս ապագային օրինական ձեւով այդ շրջանը աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ կոչուի Քիւրտիստան կամ ալ քարտէսէն անհետանայ: Սակայն յստակ է, որ շրջանը նոր փուլի մէջ պիտի մտնէ 25 սեպտեմբերէն ետք, եւ քիւրտերը իբրեւ ոչ պետական գործօն` պիտի փոխեն Միջին Արեւելքի քաղաքական հաւասարակշռութիւնը:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Նախորդը

Արցախը Հզօր Է Սփիւռքահայ Իր Բարեկամներով

Յաջորդը

Մարդուն Շահագործումը Մարդուն Կողմէ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.