Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Չունի Զինուորական Լուծում» Կ՛ըսէ Վիկենին

September 28, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչ Քրիսթիան Վիկենին (Պուլկարիա) ամփոփած է Ազրպէյճան կատարած երկօրեայ իր այցելութեան արդիւնքները` յատկապէս ուշադրութիւն հրաւիրելով այն փաստին վրայ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի շարունակուող տագնապը ի՛նչ ազդեցութիւն կը գործէ շրջանի բնակիչներուն վրայ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի պաշտօնական կայքը:

Վիկենին Պաքուի մէջ հանդիպած է Ազրպէյճանի խումբ մը պաշտօնատար անձերու հետ, ներառեալ խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովը, արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովը, ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամները, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ տագնապին պատճառով տեղահանուածները:

«Մենք պէտք է երբեք չմոռնանք, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը շարունակէ դժբախտ պատահարներու պատճառ դառնալ. գոյութիւն ունեցող սթաթիւս քոն պարզապէս անընդունելի է: Ես պիտի շարունակեմ աշխատիլ` այս ողբերգական իրականութիւնը պահելու քաղաքական ղեկավարներու օրակարգին վրայ թէ՛ շրջանին մէջ, թէ՛ ալ միջազգային հարթակներու վրայ», ըսած է Վիկենին:

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չունի զինուորական լուծում` իր աջակցութիւնը յայտնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն: Վիկենին կողմերը յորդորած է հրաժարելու յարձակողական հռետորաբանութենէն եւ առաւել կառուցողական ջանքեր գործադրելու յանուն խաղաղութեան: «Աշխարհի վրայ միտում կայ` ամէն անգամ արթննալ, երբ տագնապի գօտիին մէջ լարուածութիւն կը յառաջանայ, մինչդեռ խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ պատահական ջանքերու գործադրումով: Բարձրագոյն մակարդակներու վրայ յատուկ ուշադրութեան յատկացումը կարեւոր է քաղաքական կամք դրսեւորելու համար` յանուն մնայուն խաղաղութեան», ըսած է ան:

Անդրադառնալով մօտիկ ապագային Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հաւանական հանդիպումին` Վիկենին նշած է, թէ թէեւ հիմնախնդիրին լուծումը գտնելու վերջնական պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն վրայ, սակայն աւելի մեծ միջազգային ուշադրութիւնը կրնայ օգնել խաղաղարար ջանքերուն:

Ազրպէյճանէն ետք Վիկենին պիտի այցելէ Վրաստան եւ Հայաստան: Շրջանային այցելութեան վերաբերեալ զեկուցում պիտի հրապարակէ 4 հոկտեմբերին: Ան Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած է փետրուար 2016-ին:

Նախորդը

Արցախ Կ՛այցելէ Այնճարի Քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեանը

Յաջորդը

«Յոյսով Եմ` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Իրենց Նախատեսուող Հանդիպումին Ընթացքին Խաղաղ Եւ Փոխզիջումային Լուծումներ Պիտի Գտնեն Առանցքային Հարցերուն» Կ՛ըսէ Կութիերես

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.