Երէկ Զմմառու վանքին մէջ վախճանեցաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան երիցագոյն անդամ, հայագէտ, գրաբարագէտ, մտաւորական, հրապարակագիր եւ բառարանագիր հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը:
Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան ծնած է 20 յունուար,1929-ին, Լիբանան: Իր նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ: Նուիրուելով հոգեւորական կեանքին` յաճախած է Զմմառու դպրեվանք, ապա մտած Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրոցը եւ Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան միջազգային համալսարանը:
1954-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ` դառնալով անդամ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան:
1973-էն ի վեր կը խմբագրէ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը, իսկ 1990-էն ի վեր կը վարէր խմբագրութիւնը Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին:
Դասաւանդած է գրաբար, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայ ծիսագիտութիւն եւ հայ մատենագրութեան վերաբերեալ այլ նիւթեր` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ Քասլիքի մարոնի Անտոնեան հայրերու համալսարանին մէջ: