Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջգիւղական պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքը` Պէյթ Մերիի քաղաքապետական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, քաղաքապետարանին մօտակայքը գտնուող Ֆրերներու դպրոցին դաշտին վրայ:
Այս մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ, կը վայելէր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութիւնը:
Աւարտականի մրցումին, Պաապտեթ 74-57 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պսալիմի, տիրացաւ տիտղոսին: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 խումբեր:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքի:



