Նախորդ շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ յիշատակելի անակնկալներ տեղի չունեցան` նկատի ունենալով որ զօրաւոր նկատուող գրեթէ բոլոր խումբերը յաղթանակներ արձանագրեցին, բացի Պայէրն Միւնիխէն եւ Փարիզ Սեն Ժերմենէն, որոնք հաւասարեցան իրենց մրցակիցներուն հետ:
Սկսելով Անգլիայէն (6-րդ հանգրուան), Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Սիթի եւ Եունայթըտ, յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար Քրիսթալ Փալասի (5-0) եւ Սաութհեմփթընի (1-0) դէմ: Այժմ Սիթի իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ կը գերազանցէ Եունայթըտը:
Անոնցմէ երեք կէտով ետ մնացող Չելսի (13 կէտ) 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սթոք Սիթիի դաշտէն: Ալվարօ Մորաթթա հեթրիք մը իրագործեց:
Լիվըրփուլ Լայսթըր Սիթիի դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Հիւրընկալ կազմը այս ճակատումը 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը կրնար աւարտել, եթէ անոր մարզիկը` Ճէյմի Վարտի, 73-րդ վայրկեանին իր կազմին շնորհուած փենալթին կոլի վերածէր:
Իտալիոյ մէջ (6-րդ հանգրուան), Նափոլի եւ Եուվենթուս ապահովեցին տարեշրջանի իրենց 18-րդ կէտերը, երբ արձանագրեցին իրենց վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը:
Նափոլի, որ իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ կը գերազանցէ Եուվենթուսը, 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սփոլ-2013-ի դաշտէն, մինչ Եուվենթուս 4-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Թորինոյին:
Աւելի քան 40 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Փաուլօ Տիպալա նշանակեց Եուվենթուսի 2 կոլերը:
Սակայն նշանակուած առաջին կոլէն ետք (16-րդ), Թորինոյի մարզիկներէն Տանիել Պասելլի կարմիր քարտ մը ստացաւ (24-րդ):

Սպանիոյ մէջ (6-րդ հանգրուան) շարունակելով իր յաղթական ընթացքը, Պարսելոնա արձանագրեց տարեշրջանի իր վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Կիրոնան: Մրցումին առաջին երկու կոլերը դաշտին տիրոջ մարզիկները իրենք նշանակեցին (սխալմամբ` իրենց բերդին մէջ), մինչ երրորդը նշանակեց Լուիս Սուարեզ (69-րդ):
Ալաւեսի դաշտին վրայ Ռէալ Մատրիտ յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-1 արդիւնքով: Տանիել Սեպալոս նշանակեց Ռէալի կոլերը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռէալ Մատրիտ կրկնեց Պարսելոնայի 2010-2011 տարեշրջանին հաստատած մրցանիշը:
Վերջինս իր դաշտէն դուրս արձանագրած էր յաջորդական 12 յաղթանակ:
Գերմանիոյ մէջ (6-րդ հանգրուան), ախոյեան Պայէրն Միւնիխ յաղթանակը կորսնցուց, երբ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Վոլֆսպուրկի դէմ, մրցումը աւարտեց 2-2 հաւասարութեամբ: Ռոպերթ Լեւանտովսքի (33-րդ` փենալթիով) եւ Արժեն Ռոպեն (42-րդ) նշանակեցին Պայէրնի կոլերը:

Պարագլուխի դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտ ամրապնդեց իր դիրքը` 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Մէօնշընկլատպախը: Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ հանդիսացաւ հեթրիքի հեղինակ (45-րդ, 49-րդ եւ 62-րդ)` աւելի քան 81 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Ֆրանսայի մէջ (7-րդ հանգրուան), Մոնփելիէ կասեցուց Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջխաղացքը, երբ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Առաջին վեց մրցումներուն, Սեն Ժերմեն արձանագրած էր յաջորդական վեց յաղթանակ:
Այս մրցումին Սեն Ժերմենէն կը բացակայէր պրազիլցի Նէյմար (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով):

Այժմ 13-րդ դիրքը գրաւող Մոնփելիէի մարզիչն է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Միշել Տէր Զաքարեան:
Սեն Ժերմենի այս հաւասարութենէն օգտուեցաւ Մոնաքօ (2-րդ), որ 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Լիլի դաշտէն, իր եւ Սեն Ժերմենի միջեւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց միայն մէկ կէտի:


