Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ֆութպոլի յանձնախումբը կազմակերպած էր յատուկ ձեռնարկ մը` մասնաճիւղի անդամ Յակոբ (Ժաք) Արթինեանի յիշատակին: Յայտագիրի ընթացքին նախ ֆութպոլի խաղեր տեղի ունեցան մասնաճիւղի ֆութպոլի դպրոցի բոլոր խումբերու մարզիկներուն եւ անոնց ծնողներուն միջեւ: Ապա մասնաճիւղի վարչութենէն Աբօ Տինկիզեան արտասանեց վարչութեան խօսքը` անդրադառնալով Յակոբ Արթինեանի` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղին մէջ ունեցած գործունէութեան եւ յատկապէս անոր դրական ներդրումին` մասնաճիւղի ֆութպոլի յանձնախումբին մէջ:
Տինկիզեանի խօսքէն ետք յանձնախումբը յայտարարեց ամսուան լաւագոյն մարզիկները, որոնց նուիրուեցան Յակոբ Արթինեանի անունը եւ նկարը կրող մետալներ: Լաւագոյն մարզիկներու ընտրութիւնը կը կատարուի նկատի առնելով մարզիկներուն կարգապահութիւնը, փորձերուն կանոնաւոր մասնակցութիւնը, մարզական եւ ընկերային ոգին:
Ձեռնարկին հրաւիրուած էին Յակոբ Արթինեանի ծնողքն ու ընտանիքը, որոնց յատուկ յուշանուէրներ նուիրեց յանձնախումբը:
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` նուիրուած Արթինեանի հոգիին:


