Աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականին իր կատարած ճակատումին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան (2802), «Արմակետոն»-ի մրցումին ճերմակ քարերով յաղթելով ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւին (5-4), ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Ան նաեւ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար մղուելիք պայքարի մրցաշարքին:
Անոնց միջեւ տեղի ունեցած կիսաւարտականին, թայ-պրէյքի, արագ եւ կայծակնային խաղի 6 մրցումները աւարտեցան 4-4 հաւասարութեամբ:
«Արմակետոն»-ի վիճակաձգութեան` քարերու գոյնը ընտրելու առիթը տրուեցաւ ֆրանսացիին, որ ընտրեց սեւ քարերը: Հաւասարութեան պարագային, յաղթականը պիտի ըլլար Վաշիէ-Լակրաւ:
Սակայն Արոնեան ինք եղաւ աւարտականին հասնողը, ուր պիտի ճակատի չին Տին Լիրենի (2771) դէմ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց ամերիկացի Ուեսլի Սոն (2792)` արձանագրելով 3,5-2,5 արդիւնքով յաղթանակ մը (թայ-պրէյքով):
Աւարտականի մրցումները կը սկսին այսօր` շաբաթ, 23 սեպտեմբերին:


