ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Հայաստան-սփիւռք համաժողովի ժամանակ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը կ՛ողջունէ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Հայաստանի նախագահին կատարած յայտարարութիւնը եւ յոյս ունի, որ ո՛չ մէկ դրական փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ արձանագրութիւններուն գծով, եւ նախագահը իր ըսածը կ՛ընէ յաջորդ գարնան նախօրէին:
Մանոյեան նշեց նաեւ, որ նախագահին յայտարարութիւնը քիչ մը ուշացած է: «Վստահ եմ, որ Հայաստանի նախագահն ալ չի հաւատար, որ որեւէ դրական տեղաշարժ պիտի արձանագրուի այդ առումով, ուրեմն Հայաստան իր ստորագրութիւնը կը վերցնէ: Մենք կը սպասենք այդ օրուան: Ատիկա շատ ճիշդ որոշում էր: Կը կարծեմ, թէ նախագահը կրնար ըսել, որ արդէն կը վերցնենք ստորագրութիւնը, բայց հաւանաբար ուզեց առիթ տալ ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ, ընդհանրապէս, այդ հոլովոյթին միջնորդներուն, հովանաւորներուն, որպէսզի եթէ ընելիք ունին` ահա իրենց որոշ ժամանակ, որ քայլերու ձեռնարկեն», յայտնեց Մանոյեան:
Ան աւելցուց, որ նախագահը վաղուց ըսած է, որ, ի վերջոյ, նման քայլ պիտի առնէ: Մանոյեանի համաձայն, Թուրքիան ներքին ու արտաքին այնքան խնդիրներ ունի, որ Հայաստանի հետ արձանագրութիւններուն հարցը անոր օրակարգին վրայ գրեթէ չկայ, իսկ եթէ կայ, վերջին դիրքին վրայ է:
«Չէ բացառուած, որ Թուրքիան որոշ կիսատ քայլերու դիմէ, օրինակ` արձանագրութիւններէն մէկը ընդունի, միւսը` ոչ, սակայն կը կարծեմ` Հայաստան ատիկա չ՛ընդունիր: Թուրքիոյ համար կարեւորը Արցախի հարցին մէջ Հայաստանի վրայ ճնշում ունենալն է, իսկ եթէ այդ ճնշումը չի գործեր, չեմ կարծեր, թէ անոնք կը ստորագրեն այդ արձանագրութիւնները», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Ան խօսեցաւ նաեւ արցախեան տագնապին մասին` դիտել տալով, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ փոխադարձ ռազմական օգնութեան համաձայնագիրը պատրաստ է, սակայն առայժմ չի ստորագրուիր:
Մանոյեանի համաձայն, հայկական կողմը իր դիրքորոշումը պէտք է խստացնէ: Ապրիլեան իրադարձութիւններու օրերուն նախագահը յանձնարարեց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը պատրաստել: «Որքանով տեղեակ եմ, համաձայնագիրը պատրաստ է, սակայն առայժմ չի ստորագրուիր», նշեց ան` շարունակելով, որ ատիկա կարեւոր հանգամանք է հարցի լուծման տեսակէտէն, քանի որ ցոյց կու տայ, որ Հայաստան պատրաստ է միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ որոշ քայլերու ձեռնարկելու: «Այս պատճառով մենք կը կարծենք, թէ անհրաժեշտ է այս համաձայնագիրը կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրել: Ասիկա կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ հայկական դիրքորոշման խստացում, սակայն իսկութեան մէջ ընդամէնը համարժէք պատասխան պիտի ըլլայ», աւելցուց ան:
Պատասխանելով նախարար Նալբանդեանի յայտարարութեան վերաբերող հարցումի մը` Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ ներկայիս առաջնահերթ խնդիրը Արցախի ինքնորոշման ճանաչումն է: «Այդ պատճառով ալ «ոչ մէկ թիզ հող» ըսելը կը նշանակէ, որ ոչինչ պիտի ընենք մնացածը վերադարձնելու համար», նշած է ան` դիտել տալով, որ այդ կարգախօսը ալ իմաստ չունի, որովհետեւ «մենք առնելիք հող ունինք, այնպէս չէ, որ ասոնք են վերջնական սահմանները»:
Լրագրող մը հարցուցած է, թէ խորքին մէջ այս հարցին վերաբերեալ տարբեր չե՞ն ՀՀԿ-ի ու ՀՅԴ-ի մօտեցումները. Ան պատասխանեց. «Անշուշտ, տարբեր են: Սակայն չենք հասած հարցի լուծման այն փուլին, որ ըսենք` միասին չենք, ուրեմն մենք երթանք, դուք մնացէք, կամ հակառակը: Արցախի հարցին մէջ մեր տեսակէտը յայտնի է, յայտնի է նաեւ ՀՀԿ-ի տեսակէտը, եւ անոր մէջ մենք այսօր վտանգ չենք տեսներ», դիտել տուաւ Մանոյեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ո՞ր տարածքներն են, որոնք մեր անվտանգութեան իրօք չեն սպառնար` Մանոյեան ըսաւ, որ պէտք է այս հարցումը ուղղել Նալբանդեանին: «Մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է` այնքան ատեն որ Ազրպէյճան չի ճանչնար Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, հայկական կողմը պէտք չէ խօսի որեւէ զիջման մասին: Անհրաժեշտ է, որ փոխադարձ զիջումները ըլլան հաւասար, համարժէք ու միաժամանակեայ: Պէտք չէ ըլլայ այնպէս, որ մենք այսօր զիջում ընենք, անոնք ալ վաղը զիջին, որովհետեւ մինչեւ վաղը կրնան իրենց միտքը փոխել: Այդ պատճառով ալ կը կարծեմ, թէ պէտք չէ խօսիլ որեւէ զիջման մասին, այնքան ատեն որ Ազրպէյճան Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը չէ ճանչցած», հաստատեց Մանոյեան:
Ըստ անոր, Նալբանդեան իր խօսքին մէջ ուզած է տեղեակ պահել, թէ առաջարկուած փաթեթը ի՛նչ է: Իսկ այդ փաթեթները երկու մասէ բաղկացած են. առաջին` միջազգային որեւէ սկզբունքներու հիման վրայ պէտք է լուծուի ղարաբաղեան հարցը: Մանոյեան դիտել տուաւ, որ միջազգային սկզբունքներուն առնչութեամբ հարց չունի Դաշնակցութիւնը, քանի որ այդ սկզբունքներն են, որոնք հարցը պիտի լուծեն խաղաղօրէն` առանց ուժ կիրարկելու: Երկրորդն ալ, Մանոյեանի համաձայն, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքն է, որ նոյնպէս Դաշնակցութեան համար ընդունելի է, որովհետեւ անկախ Ազրպէյճանի կազմին մէջ երբեք չէ եղած Արցախը: