Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԿԱՆԹԵՂ» ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԴՈԿՏ. ԳՆԷԼ ԴՈՒՐԵԱՆԻ ԵՒ ՆԻԿՈԼ ՍԱԼԽԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

October 31, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Լուսաւորչի կանթեղ» համայնք-ընկերակցութիւնը հոգեմտաւոր իր առաքելութեան ձեռնարկներու ծիրին մէջ վերջերս կազմակերպեց  եռօրեայ հոգեւոր երեկոներ: Ձեռնարկի պատգամախօսներէն էին գիտնական-հետազօտող, դոկտ. Գնէլ Դուրեան եւ նշեալ շարժումի հիմնադիր  Նիկոլ Սալխանեան:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Նիկոլ Սալխանեանին եւ յատուկ այս առիթով Միացեալ Նահանգներէն  հրաւիրուած դոկտ. Գնէլ  Դուրեանին  հետ:

*
*   *

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ առիթով Լիբանան ժամանած էք եւ ի՞նչ է ձեր այս այցելութեան հիմնական շարժառիթը:

ԴՈԿՏ. ԳՆԷԼ ԴՈՒՐԵԱՆ.- Լիբանան ժամանեցի` ընդառաջելով «Լուսաւորչի կանթեղ» համայնքի հրաւէրին, ուր եռօրեայ հանդիպումներու ընթացքին «Վերադարձ դէպի Հայր» նիւթով հոգեմտաւոր ու Աստուծոյ սէրը ներշնչող նիւթեր պիտի մատակարարուին հաւատացեալներուն: Նոյն ատեն, տրուած ըլլալով, որ Լիբանան ծնած ու Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մէջ ուսանած եմ, նաեւ հրաւիրուեցայ հոնկէ` խօսելու «Վերականգնուող ուժանիւթ»ի մասին, եւ թէ` ի՛նչ է Լիբանանի ծրագիրը այս մէկէն օգտուելու գծով:

«Ա.».- Իբրեւ «Լուսաւորչի կանթեղ»ի հիմնադիր ի՞նչ կրնաք ըսել շարժումին մասին:

ՆԻԿՈԼ ՍԱԼԽԱՆԵԱՆ.- «Լուսաւորչի կանթեղ»ը, ինչպէս անունը կը խորհրդանշէ, իւրաքանչիւր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ խորանին վերեւ գտնուող կանթեղն է: Այդ կանթեղը, որ ըստ աւանդութեան, հիմնուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքն ու սէրը: Այդ կանթեղը պէտք է միշտ վառ մնայ` շարունակելով  ներկայացնել սերունդէ սերունդ փոխանցուող հաւատքի հուրը (կրակը), սէրը եւ նուիրումը:

«Ա.».- Ինչ  որ կը նկատենք ու կ՛իմանանք, ձեր այս շարժումը նորութիւն չէ, սակայն այս մասին քարոզչական աշխատանք կը տանի՞ք  ժողովուրդին մէջ:

Ն. Ս.- Թոյլ տուէք, որ ասոր պատասխանեմ ծիծաղելի հիւմըրով մը, որ կը յիշեցնէ աղ հաւաքելու ու աղամանէն դուրս գալու երեւոյթը, մենք տակաւին կը գտնուինք աղ դառնալու ու աղ հաւաքելու գործընթացին մէջ.

«Ա.».- Ի՞նչ է բնոյթը ձեր եռօրեայ հանդիպումներուն, թատրո՞ն, դասախօսութի՞ւն, թէ՞ այլ աշխատանք:

Ն. Ս.- Ինչպէս նշեցի, «Լուսաւորչի կանթեղ» անունը մեզ կը յուշէ յատուկ կոչում եւ առաքելութիւն: Կոչում` ծառայելու Աստուծոյ ու մեր ժողովուրդին: Արդ, այս հանդիպումներով կը ձգտինք վերադարձ մը կատարել դէպի մեր ակունքները, դէպի մեր եկեղեցին ու խօսիլ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ապրիլ քրիստոնէական կեանքը, մերօրեայ մարտահրաւէրներուն ու ծանր պայմաններուն մէջ:

«Ա.».-  Որո՞նք կրնան մասնակցիլ այս հանդիպումներուն, տարիքի կամ դաւանանքի սահմանում կա՞յ:

Ն. Ս.-  Որեւէ տարիքի հայ անհատ, երիտասարդ թէ երէց, ամուրի թէ ամուսնացեալ, առաքելական, աւետարանական թէ կաթողիկէ, կրնայ մաս կազմել մեր հանդիպումներուն: Մեր առաքելութիւնն է ամրապնդել հայ ընտանիքի համերաշխ միասնականութիւնը: Այսինքն կը նախընտրենք, որ ամուսնացեալ զոյգեր միասնաբար գան եւ ոչ թէ կինը կամ ամուսինը` անջատաբար  (ու հաւանաբար`  հակառակ իրարու կամքին): Նմանապէս, դաւանական կամ յարանուանական ոչ մէկ խտրութիւն կայ, բոլորն ալ կրնան մասնակցիլ: Աւելի՛ն. մենք կը քաջալերենք, որ անոնք գան ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սէրն ու օրհնութիւնը տանին իրենց հետ իրենց տուները:

«Ա.».- Այս առիթով կոչ կ՛ուղղէք ուրեմն հայ երիտասարդութեան, որ մասնակցին այս հանդիպումներուն: Նախապայմաններ կա՞ն մասնակցութեան  համար:

Ն. Ս.-  Ի  հարկէ կը քաջալերենք հայ երիտասարդները` մասնակցելու այս հանդիպումներուն, վերադառնալու դէպի իրենց ակունքները, դէպի Երկնաւոր Հօր սիրտը: Մասնակցութեան համար նիւթական ոչ մէկ ակնկալութիւն  կայ:

«Ա.».- Ճիշդ ո՞ր մարզերուն վրայ կ՛ուզէք կեդրոնանալ, ինչպէ՞ս կը դրսեւորէք ձեր օգնութիւնը:

Ն. Ս.- Մենք աւելի կը շեշտենք հոգեմտաւոր հաւատքի կարեւորութեան վրայ, որ յատկապէս ներկայ պայմաններուն մէջ, առանց նման զօրակցութեան,   կարելի չէ: Կայ երիտասարդական ծառայութեան բաժինը, կայ նաեւ համալսարանական երիտասարդներու բաժինը, ուր երիտասարդներ յատուկ ու հերթական հանդիպումներով կը զրուցեն Աստուծոյ խօսքերու մասին` ստանալով փոխադարձ քաջալերանք եւ զօրակցութիւն, եղբայրական եւ ընտանեկան միջավայրի մէջ: Կայ նաեւ կիներու ծառայութեան բաժինը, ուր հայուհիներ կանոնաւոր յաճախականութեամբ քով-քովի գալով` միասնաբար կը բաժնեկցին Աստուծոյ խօսքէն գործնական ուսուցումներ, զիրար քաջալերելով ու բարեսիրական ծառայութիւններ կատարելով: Այս բոլորին համար ունինք մնայուն, կանոնաւոր հանդիպումներ: Այս մասին ու հետագայ ծրագիրներու մասին ուղեցոյց կը ցրուենք բոլոր հետաքրքրուողներուն:

«Ա.».- Այլ խօսքով, դուք անուղղակի բարոյական ուղեցոյց կը ներկայացնէք այդ երիտասարդներուն եւ կիներուն, զանոնք սայթաքումէ ու մոլութիւններէ կանխազգուշացնելու նպատակով:

Ն. Ս.- Ի հարկէ, ճիշդ ա՛յդ է մեր նպատակը: Իւրաքանչիւրիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց իրարու օգնենք` հաղորդուելով Աստուծոյ խօսքով, յատկապէս` ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ առանց զօրակցութեան կարելի չէ, այսինքն` դառնալ Աստուծոյ եւ աճիլ յանձնառու քրիստոնէական կեանքի մէջ:

«Ա.».- Ինչպէս կը նկատենք, հրաւիրատոմսին վրայ նշուած է, թէ ձեր այս ձեռնարկը կը հովանաւորէ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը: Այս կը նշանակէ՞, թէ ձեր շարժումը աղանդ մը չէ:

Ն. Ս.-  Անկասկա՛ծ. մեր համայնքին մեծ մասը գործօն անդամ է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Միաժամանակ մենք կ՛ողջունենք հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներէն այն քոյրերն ու եղբայրները, որոնք կը փափաքին կապուիլ մեր կեանքին ու կոչումին: Փոխադարձաբար կը յարգենք իրարու տարբերութիւնները եւ զօրավիգ կը դառնանք իրարու` միաժամանակ մնալով հաւատարիմ ու յանձնառու անդամներ մեր պատկանած եկեղեցիներուն:

«Ա.».- Վերադառնալով ձեզի, դոկտ. Դուրեան, կրնա՞ք խօսիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ ձեր գործունէութեան մասին:

Գ. Դ.- Միացեալ Նահանգներու մէջ երկար ատեն  գիտական աշխատանք տանելէ ետք, ներկայիս աւելի կեդրոնացած եմ արեգակնային ուժին վրայ, որովհետեւ բնական տուեալները, ինչպէս` արեւը, ջուրն ու քամին, օգտագործելը անվնաս է ու մթնոլորտը  չեն ապականեր: Այս իմաստով, Միջազգային դրամատունը մեզի դրամ տուաւ, եւ դանիացիներու հետ տասը տարուան ծրագիր մը մշակեցինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է բարելաւել Հայաստանի ուժանիւթի վիճակը:

«Ա.».- Ասիկա կապ ունի՞ Մեծամօրի հիւլէական կայանին հետ:

Գ. Դ.- Անշո՛ւշտ, մանաւանդ որ Մեծամօրի հիւլէական կայանը 2017 թուականին պէտք է դադրի գործելէ,  տրուած ըլլալով, որ «տարիքը առած է» այլեւս: Հիմա որ անիկա 400 մեկաուաթ ուժանիւթ կ՛արտադրէ, փոխարէնը կը ծրագրուի հազար մեկաուաթ ուժականութեամբ կայան մը հիմնել ռուսերու օգնութեամբ: Սակայն եւրոպական երկիրներ դէմ են նման քայլի մը:

Անոնք կը նախընտրեն, Հայաստանի ուժանիւթի վիճակը բարելաւել վերանորոգուող ուժանիւթով, այսինքն` օգտագործելով երկրի բնական տուեալները` արեւը, ջուրն ու քամին:

«Ա.».-  Գիտական աշխարհով հետաքրքրուած ըլլալով հանդերձ հրաւիրուած էք քարոզելու «Լուսաւորչի կանթեղ» համայնքի հաւատացեալներուն: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ ձեր այս ներդաշնակումը:

Գ. Դ.- Գիտութեան աղբիւրը Աստուած է, նաեւ` Աստուածաշունչի աղբիւրը: Աստղագիտութիւնը իմ ոլորտներէս մէկն է: Մեր բանաստեղծներէն Յովհաննէս Թումանեան շատ շատոնց ըսած է.-

«Լուսաւորչի կանթեղն անմար
վար է ընկած երկնքից
Ասես Աստուծոյ աչքը պայծառ
Հսկում է ցած երկնքից»:

Մենք Նազայի (NASA) Հապլի միջոցաւ նկարներ առած ենք, որոնցմէ մէկը «Նիւպիւլա» է, որ ճիշդ աչքի կը նմանի, այնքան մը, որ հիմա ատիկա կը կոչեն Աստուծոյ «աչքը»: Ես գիտնականներու խմբակին ըսի, թէ Թումանեան այդ մէկը շատոնց ըսած է…

Միւս կողմէ կենսազանգուածը («Պէոմասսան»)  շատ կարեւոր է օգտագործել, ես կ՛ըսեմ, թէ կը խօսիմ ու կը  քարոզեմ  Աստուծոյ զաւկին ու արեւուն մասին: Կը փափաքիմ, որ կասկածամիտներն ալ գան ու մտիկ ընեն, որովհետեւ կ՛ուզեմ  ցոյց տալ, թէ քրիստոնէութիւնը ունի առարկայական հիմքեր: Այս իմաստով գրած եմ գիտութիւն եւ հաւատք նիւթով «Քրիստոնէական ճշմարտութեան անհերքելի վկայութիւնները»:

«Ա.».- Այսինքն կը քաջալերէք երիտասարդութիւնը, որ մասնագիտանայ  նման ճիւղերու մէջ ու այս առիթով ի՞նչ ունիք ըսելիք իբրեւ վերջին խօսք:

Գ. Դ.-  Անկասկած կը քաջալերեմ, ու մենք ամերիկեան համալսարանին մէջ այս մէկը կը բացատրենք ամէնէն արդի ոճով: Իբրեւ վերջին խօսք, ես միշտ կը փափաքիմ վերադառնալ իմ ծննդավայրս` Լիբանան:

«Ա.».- Իսկ դուք, պրն. Սալխանեան ի՞նչ ունիք ըսելիք իբր վերջին խօսք:

Ն. Ս.-  Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին անխտիր, որ մասնակից դառնան մեր հանդիպումներուն եւ հաղորդուին Աստուծոյ խօսքերովը:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

 

Նախորդը

ԳԱԲՐԻԷԼ (ԿԱՊԻ) ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔՈՎ ՕԺՏՈՒԱԾ ԱՅՍ ՀԱՄԵՍՏ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԽԱՂԻՑ ԴՈՒՐՍ ՎԻՃԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԻՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ՀԱՍԱՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.