Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՅԵՏՄԱՀՈՒ ՆԱՄԱԿ` ԱՐԻՆ ՉԵՐՉԵԱՆԻ

October 31, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քու ժպիտդ պիտի առաջնորդէ օրս ամէն արեւածագին, ու փայլուն մեղրագոյն աչքերդ պիտի հսկեն ինծի ամէն գիշեր` լուսաւորիչ աստղերու նման»:

Տառերը բաւարար չեն նկարագրելու սրտիս ցաւը, ո՛չ ալ բառերով կարելի է նկարագրել այս պատահարը: Տակաւին 21 տարեկանը չբոլորած` մեկնեցար այս աշխարհէն` դէպի յաւիտենական կեանք: Վստահ եմ, որ դուն կը գտնուիս ապահով ձեռքերու մէջ, եւ երկինքի հրեշտակները որքա՜ն ուրախ են քեզի պէս սիրուն հրեշտակ մը ունենալնուն համար: Ես ալ ունեցայ պահապան հրեշտակ մը, որ պիտի դիտէ վերէն եւ առաջնորդէ զիս:

Գիտեմ եւ կը հաւատամ, որ պիտի տեղացնես համբերութեան կաթիլներ` ընտանիքիդ եւ սիրելիներուդ վրայ:

Այո՛, 20 տարեկան սիրուն վարդը դժուար է կորսնցնել, շատ դժուար է ծնողի մը, մօր մը համար, որ ինը ամիս իր որովայնին մէջ գրկած դուստրը տանի ու նուիրէ հողին, շատ դժուար է քրոջ մը համար կորսնցնել իր հոգերն ու առօրեան բաժնեկցողը, շատ դժուար է եղբօր մը համար, որ չունենայ իրեն հետ խաղցող մը այն սենեակին մէջ, ուր խանդավառութիւն կը տիրէր միշտ, իսկ այսօր արդէն ցուրտ է հոն, ձայնդ չկայ, շարժումներդ բացակայ են: Շատ դժուար է նաեւ ընկերուհիի մը համար կորսնցնել այնպիսի անձ մը, որուն հետ շատ լաւ ու անուշ տարիներ ապրած է, իսկ այսօր յանկարծ մեծ բացակայութիւն մը կը զգայ. որո՞ւ պիտի պատմէ մտահոգութիւնները, որո՞ւ հետ պիտի բաժնեկցի իր ուրախ պահերը: Աւելի եւս դժուար է սիրահարի մը համար կորսնցնել իր սէրը, երբ սիրտը տակաւին կը տրոփէ անով, բայց կը զգայ, թէ մենութեան ու տխրութեան մէջ է, երազներն ու ապագայի ծրագիրները թուղթի վրայ մնացած գիրեր են լոկ…

Բայց, Արի՛ն, ես գիտեմ, որ դուն չես ուզեր, որ մենք լանք ու արցունք թափենք, որովհետեւ դուն չես սիրեր, որ մէկը տխրի, սորվեցուցած ես, թէ մարդ որքան ալ տխուր ըլլայ, պէտք է իր դէմքին վրայ պահէ ժպիտը: Դուն ալ արդէն իւրայատուկ էիր եւ ճանչցուած էիր քու ժպիտովդ, որ անբաժան էր քեզմէ:

Կը յիշեմ եւ առյաւէտ պիտի յիշեմ այն բոլոր պահերը, որոնք միասին ապրեցանք, եւ անոնք պիտի մնան սրտիս մէկ անբաժանելի եւ անթառամ մասը:

Այո՛, մահը քեզ խլեց ու տարաւ, բայց քու անունդ ու հոգիդ պիտի մնան մեզի հետ. ճիշդ է, որ դուն ֆիզիքապէս բաժնուեցար մեզմէ, բայց քու հոգիդ մեզի պիտի ընկերակցի ու մխիթարէ մեզ, որպէսզի յաղթահարենք ահաւոր ցաւը:

Կը սիրեմ քեզ, Արին Չերչեան, քու յիշատակդ միշտ պիտի մնայ սրտիս ու մտքիս մէջ: Մնաս բարով պիտի ըսեմ` յոյսով, որ օրին մէկը դարձեալ կը հանդիպինք:

ՇԱՂԻԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Նախորդը

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԻՒՆ. ԱՓՐԻԿԵՑԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԿԸ ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՈՒԻՆ` ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԾԻՍԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Յաջորդը

ԳԱԲՐԻԷԼ (ԿԱՊԻ) ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔՈՎ ՕԺՏՈՒԱԾ ԱՅՍ ՀԱՄԵՍՏ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.