Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի վերաբերող վերջին իրադարձութիւններուն` դիտել տալով, որ Ազրպէյճանի մէջ անոր հետ տեղի ունեցած դէպքերուն ճշգրտութիւնը ի յայտ եկաւ արդէն:
«Այն մեկնաբանութիւնները, զորս մենք կատարած էինք, 100 տոկոսով կը համընկնին իրականութեան: Այսպէս կոչուած` Ալիեւին ուղղուած նամակը Լափշին չէ գրած», յայտնած է Բաբայեան` աւելցնելով, որ Ազրպէյճանի նախագահական պալատին մէջ կան այդպիսի տարբեր բովանդակութեամբ նամակներ, որոնց տակ, ըստ անոր, տարբեր մարդիկ իրենց ստորագրութիւնը կը դնեն` կամայ-ակամայ: Անոր համաձայն, շատ հաւանական է, որ նամակը չէ ստորագրուած Լափշինի կողմէ, այլ Ազրպէյճան ձեւացուցած է, որ այդպէս է. «Ամէն ստորութիւն կրնայ ընել Ազրպէյճան»:
Ըստ Բաբայեանի, Լափշինի գրառումներէն կարելի է հաստատել, որ Ազրպէյճանի մէջ ողջակիզման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի:
Մամլոյ բանբերը նաեւ անդրադարձած է Լափշինի` միջազգային դատարան դիմելու վերաբերող յայտարարութեան. «Լափշին պէտք է դիմէ, որովհետեւ այդ տանջանքները, որոնց ան ենթարկուեցաւ, պէտք չէ մնան անպատիժ: Եւրոպական դատարանը եւ միւս կառոյցները պէտք է լաւապէս գիտնան, թէ որո՛ւ հետ է իրենց գործը: Ասիկա ցեղապաշտութիւն է, ուրիշ ոչ մէկ բան: Պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի բռնապետները, ցեղապաշտները պատասխանատուութեան ենթարկուին»: