Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 27-րդ միջազգային մրցաշարքին երրորդ օրը` երէկ, տիտղոսակիր ՀՄԸՄ, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 8 կէտի տարբերութեամբ` 68-60 արդիւնքով (22-12, 11-12, 21-20 եւ 14-16) յաղթեց Պէյրութի, որ 2017-2018 տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Ա. դասակարգին:
ՀՄԸՄ-էն Սամուէլ Թոմսըն նշանակեց 19 կէտ, 5 ռիպաունտ, Ուոլթըր Հոճ` 15 կէտ, իսկ Էլի Շամուն` 14: Պէյրութէն Միկել Մարթինեզ նշանակեց 15 կէտ, Պասել Պաուժի` 12 կէտ, 8 ռիպաունտ, իսկ Ժոզեֆ Նիքըլսոն` 9:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ այժմ կրնայ գրաւել Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը, անշուշտ եթէ վաղը յաղթէ իր մրցակիցին` «ԱԷՔ» Լառնաքային (ժամը 17:30-ին):
Վերջինս երէկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 78-71 արդիւնքով յաղթելով Մուժամաա Փեթրոլիին:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Սըրրիեթ Ռամալլա կը մրցի Տալիայի դէմ, իսկ երեկոյեան ժամը 20:30-ին Ռիատի` Չերքազիի դէմ: