Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ստորագրած է հրամանագիր մը Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինին ներում շնորհելու մասին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ անոր հրապարակման օրէն սկսեալ:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով յայտնած է, թէ նախքան ներման շնորհումը Լափշին անձնասպանութեան փորձ կատարած է:
Ան Իսրայէլի իշխանութիւնները մեղադրած է Լափշինի արտայանձնումը հոլովոյթը ձգձգելու յանցանքով` նշելով, որ ատոր պատճառով Լափշին 10 սեպտեմբերին անձնասպանութեան փորձ կատարած է: Բանտապահները նկատած են պլոկըրի արարքը եւ զայն կանխարգիլած: Լափշինին բժշկական օգնութիւն տրամադրուած է: Ներկայիս ան կը շարունակէ բուժումը բժիշկներու վերահսկողութեան տակ:
Հասանով յայտնած է, որ նախագահի կողմէ ներման մասին հրամանագիրին ստորագրուելէն ետք, Լափշինի արտայանձնման հարցով կը զբաղին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Իսրայէլի դեսպանատունը: Ան նշած է, որ այս հոլովոյթը կրնայ աւարտիլ շատ կարճ ժամանակի մէջ:
Նշենք, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Իսրայէլ: