Երբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի ատենապետը ինծի առաջարկեց Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 24-րդ ամեակի բանախօսութիւնը ստանձնել, առաջին մտածումս եղաւ այն, որ 24 տարի շարունակ ձեռնարկներ կազմակերպուած են նոյն նպատակին համար, բազմաթիւ յօդուածներ գրուած են Մհերին մասին, ԶՈՄ-ը գիրք հրատարակած է անոր մասին… Հաւանաբար ամէն բան ըսուած է, ի՞նչ կարելի է խօսիլ, ի՞նչ կարելի է ըսել, որ ցարդ չէ ըսուած…
Բայց երբ առաջարկը կու գայ ԼԵՄ-էն, որուն երիցագոյն անդամը 23 տարեկան է, երբ իմ երիտասարդ ընկերներս` դաշնակցական երիտասարդ ընկերներս այսպիսի ձեռնարկ կը կազմակերպեն, ինծի կը մնայ ենթարկուիլ անոնց կամքին, որովհետեւ անոնք մեր ապագան են, որովհետեւ անոնք կը գիտակցին Մհերին ու մեր բոլոր նահատակներուն կատարած սուրբ գործին, որովհետեւ անոնք կ՛ուզեն հաղորդուիլ անոնց հետ, հասարակաց կէտեր գտնել, նմանութիւններ, նոյնիսկ` փորձել նոյնանալ անոնց հետ…
Մհերը… թերեւս` ԼԵՄ-ականի մը հօրը կամ մօրը ընկերը, կամ անոնց դրացին, ծանօթի մը ազգականը, թերեւս` դասընկերը, բայց պատանի Մհերը, ԼԵՄ-ական Մհերը, ԶՈՄ-ական Մհերը իրենց ընկերն է, իրենց պէս այս թաղերէն անցած է, խաղացած է: Ա՛յս ակումբին մէջ դաստիարակուած է, անոր աստիճաններէն ելած-իջած է, անոր սենեակներուն մէջ ժողով ըրած է եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով նաեւ պաշտպանած է այս թաղերն ու ակումբը:
Մհերը իրենց համար դարձած է այն օղակը, որ զիրենք կը կապէ հերոսի մը, եւ իրենք անոր ընդմէջէն կը կապուին մեր բոլոր հերոսներուն` Վաչէին, Պարոյրին, Գէորգ Չաւուշին, Քրիստափորին:
Այո՛, Մհերը ծնողքի մը զաւակն էր, եղբայր, ընկեր, վարիչ, դաստիարակ, ուսուցիչ, ամուսին…
Եթէ կարդանք Մհերին մասին գրուածները, կ՛անդրադառնանք, որ բոլորը յիշատականեր են եւ կամ ուսումնասիրութիւններ` գրուած ընկերներու կամ ուսումնասիրողներու կողմէ, հոն կը հանդիպինք Մհերի միտքերուն` գրուած նամակներու մէջ, բոլորը կը փորձեն ըսել-գրել ամէն մանրամասնութիւն, որ կը յիշեն, եւ բոլորն ալ կ՛եզրակացնեն, որ Մհերին պէս երիտասարդի մը համար այդ ճակատագիրը անխուսափելի էր…
Մհերը ծնած էր սասունցի ընտանիքի մէջ, կնքուած էր` Սասունցի Դաւիթի հօր` Առիւծ Մհերի կամ անոր թոռան` Փոքր Մհերի անունով, կարելի է երեւակայել փոքրիկ Մհերը իր հօր կամ մեծ հօր ծունկերուն նստած` կը լսէ այդ առասպելական հերոսներուն` մասին եւ իր երեւակայութեամբ կը դառնայ անոնց նման: Կը յաճախէ Ազգային վարժարան, ուր կը ծանօթանայ իր ազգի պատմութեան, կը տիրապետէ հայոց լեզուին եւ գրականութեան, կը սիրէ բնագիտութիւնը եւ զայն կ՛ընտրէ իբրեւ մասնագիտութիւն: Մինչ այդ արդէն արձանագրուած ու դաստիարկուած էր ՀՅԴ-ի պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական շարքերուն մէջ: Ժամանակը հասած էր իր դաստիարակութիւնը փոխանցելու պատանիներու եւ դարձած էր սիրուած ու փնտռուած վարիչ: Գիւմրիի երկրաշարժը անկիւնադարձային եղած էր իր կեանքին եւ մասնագիտութեան համար, եւ ան որոշած էր մասնագիտանալ նաեւ երկրաբանութեան մէջ` գիտակցելով, որ երկրաշարժերը կրնան կրկնուիլ, եւ մենք պէտք ունինք մասնագէտներու, որոնք թերեւս կարենան վնասը նուազագոյնի իջեցնել:
Կեանքը սիրող, ապագայի հետաքրքրական ծրագիրներով այս երիտասարդը Հայաստանը ընտրեց` իբրեւ իր նպատակներու իրագործման վայր. հայրենիքը կ՛եռար, մէկ կողմէ երկրաշարժի գործած աւերը, միւս կողմէ` Ղարաբաղ-Արցախը Հայաստանին վերադարձնելու պահանջով փողոց իջած միլիոնին կանչը եւ մանաւանդ ՀՅԴ-ի «Դէպի Երկիր» կոչը անտարբեր պիտի չձգէին Մհերը, եւ անպայման պիտի ընդառաջէր անոնց: Մէկ կողմէ` ուսանող, միւս կողմէ դաշնակցական գործիչ, նոյն ատեն` ռազմական սարք մը ստեղծելու փորձ: Այս էր Մհերը, կեանքով եւ ապագայի հեռանկարներով լեցուն այդ երիտասարդը:
Եւ վերջին կանչը, վերջի՞ն… ո՛չ Մհերի համար, Մհերը գնաց Արցախ, բնականաբար պիտի երթար, Հայաստան ըլլալ այդ միջոցին եւ Արցախ չերթա՞լ, հապա ո՞ւր մնաց իր սասունցի ըլլալը, Հայաստան ըլլալ ու Արցախ չերթա՞լ, հապա ո՞ւր մնաց իր ազգային եւ դաշնակցականի դաստիարակութիւնը, Հայաստան ըլլալ եւ Արցախ չերթա՞լ, հապա ի՜նչ դաստիարակ, ի՜նչ վարիչ…
Երանի՜ Արցախ երթար եւ ողջ վերադառնար, երանի՜ Արցախ երթար եւ հոն հաստատուէր, երանի՜ Արցախ երթար եւ ապրէր, ծառայէր, ստեղծէր, դաստիարակէր, երանի՜… Հաւանաբար միա՛կ բանը, որուն մասին չէր մտածած, մեռնիլն էր. այո՛, ես վստահ եմ, որ այդ կեանքը ապրած, այդ ծրագիրները ունեցող երիտասարդը մահուան մասին չէր մտածած: Ճիշդ է` պատերազմի գացողը աչքը կ՛առնէ մեռնիլ, բայց մեռնելու չ՛երթար, կ՛երթայ իր եւ ուրիշներու արդար կեանք մը ապահովելու, կ՛երթայ բռնութեան յաղթելու կ՛երթայ ժողովուրդին արժանավայել կեանք ապահովելու: Կ՛երթայ այդ բոլոր երազներով, բայց մանաւանդ` իր եւ իրմէ ետք գալիք սերունդներուն գոյութիւնը ապահովելու:
Մհերը մեռնելու չգնաց բայց դժբախտաբար մահը զինք գտաւ, դարանակալ մահը, թշնամիին թակարդած ականը զինք գտաւ ու տարաւ…
Յետո՞յ, սուգ, ցաւ, կորուստ: Կորուստ` նախ ընտանիքին, յետոյ` իր շա՜տ սիրած կուսակցութեան եւ անշուշտ մեծ կորուստ` իր հայրենիքին: Երիտասարդ, խոստմնալից կեանք մը, կեանքեր մարեցան եւ կը մարին տակաւին` ի խնդիր հայրենիքի գոյութեան: Ծնողներ զաւակներ կը կորսնցնեն, ուրիշներ` գաղափարի ընկեր, ոմանք ալ կը վերածնին անոնց ձգած աւանդով:
Ճիշդ է` Մհերին ընտանիքը զաւակ կորսնցուց, բայց հերոս ազգը հերոս մը շահեցաւ, այլեւս Մհերը եւ մեր նոր ու հին բոլոր հերոսները կարելի չէ սահմանափակել ընտանիքի մը նեղ սահմաններուն մէջ: Անոնք ազգին զաւակներն են այլեւս, անոնք ազգին պարծանքն են, անոնք հայ ազգին հերոսներն են: Սիրելի՛ նահատակի ծնողներ, յարգա՛նք ձեզի, որ մեր ազգին նուիրեցիք այսպիսի հերոսներ:
Մհերը չէր գացած մեռնելու, ան գացած էր ապրելու եւ հայրենի հողը ապրեցնելու: Եթէ հարցնենք իրեն, թէ ի՞նչ կը սպասէ մեզմէ վստահաբար` ո՛չ այս ձեռնարկներն ու տիտղոսները: Այսպէս կոչուած, նահատակ-հերոսները իրենք չեն ընտրեր նահատակութիւնը, մենք` մնացողներս իրենց կու տանք նահատակ-հերոսի կոչումը: Մենք` ապրողներս մեր մխիթարութիւնը կը գտնենք զանոնք այսպէս յիշելով:
Աշխարհահռչակ ռուս վիպասան Ալեքսէյ Թոլսթոյ ըսած է. «Հայրենասիրութիւն` չի նշանակեր միայն սիրել իր հայրենիքը: Ան անհամեմատ կերպով աւելի շատ բան է… Ան հայրենիքէն անբաժանելիութեան գիտակցութիւնն է եւ անոր երջանիկ ու դժբախտ օրերուն իրեն հետ անբաժանելի կերպով ապրիլը»:
Իսկ Մհերը, վստահ եմ, մեր երիտասարդներէն պիտի սպասէր, որ զինք յիշելով հանդերձ, շարունակեն այն գործը, որ ինք ակամայ կիսատ ձգած էր. իր գործը պէտք է շարունակուի իր գաղափարի ընկերներուն կողմէ, դաշնակցական երիտասարդին` ԼԵՄ-ականին կամ ԶՈՄ-ականին կողմէ: Մհերը կը սիրէր ապրիլ, Մհերը ծրագիրներ ունէր Արցախի համար, Հայաստանի եւ Արցախի բանակին համար, բայց չկրցաւ աւարտել զանոնք: Կը սիրէ՞ք Մհերը, շարունակեցէք անոր ծրագիրներու իրագործումը: Մհերը Արցախ գնաց զայն ազատագրելու եւ իր արիւնով ոռոգեց Արցախի հողը, այսօր Արցախը անկախ է, մէկի փոխարէն` երկու անկախ հայրենիք ունինք, անոնք մեր քրտինքին պէտք ունին այսօր, անոնք մեր գիտութեան, մեր հանճարին պէտք ունին: Մի՛ սպասէք կանչերու, որոշեցէք երթալ, հաստատուիլ հիմնուիլ հոն: Այսօր ես կը խոստովանիմ, որ մեր սերունդը չկրցաւ այդ որոշումը տալ. թերեւս, նոր դուրս եկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն, տարուեցաւ այս գաղութի վերակառուցումի աշխատանքներով, արտագաղթի ձգած բացը դարմանելով, նօսրացած գաղութը վերակազմակերպելով… Այդ բոլորը կարեւոր էին, բայց սփիւռքը չի կրնար ինքնանպատակ ըլլալ, սփիւռքը ուշ կամ կանուխ պիտի կորսուի: Այնքան ատեն որ սփռուած հայեր ունինք, ՀՅԴ անշուշտ հայապահպանման իր աշխատանքները պիտի չդադրենցէ: Բայց դո՛ւք, սիրելի երիտասարդներ, դո՛ւք, որ պիտի սկսիք ձեր ապագան ծրագրել, ձեր ծրագիրներուն մէջ անպայմսան Հայաստան կամ Արցախ հաստատուիլը ունեցէք: Կեանքը ամէն տեղ պայքար է, բայց եթէ ձեր պայքարը տանիք Հայաստանի հողին վրայ, թերեւս ձեր զաւակներուն աւելի լաւ կեանք մը կ՛ապահովէք: