Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ուսանողական Կազմակերպութիւնները Իրենց Ընդդիմութիւնը Կը Յայտնեն DACA-ի Կասեցման Առթիւ

Սեպտեմբեր 9, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնս ստացած է շրջանիս մէջ գործող հայ ուսանողական կազմակերպութիւններու կողմէ ստորագրուած հետեւեալ յայտարարութիւնը.

ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութիւնը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը եւ Համահայկական ուսանողական միութիւնը իրենց դժգոհութիւնն ու ընդդիմութիւնը կը յայտնեն նախագահ Թրամփի վարչակազմի՝ Մանուկ Հասակին (Ամերիկա) Ժամանածներուն (արտաքսումը) Յետաձգող (DACA) կարգադրութիւնը կասեցնելու քայլին հանդէպ:

Այս յետադիմական քայլը՝ Ամերիկան իրենց տունը համարող երիտասարդներուն տրուած խոստումին դրժո՛ւմն է:

Հայ երիտասարդական կազմակերպութիւնները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն նախագահին այս մոլորեցնող որոշումին պատճառով վախ ու անորոշութիւն դիմագրաւող ուսանողներուն:

DACA ծրագիրը օրինական կեցութեան փաստաթուղթ չունեցող երիտասարդ գաղթականներուն, որոնք մանուկ տարիքին եկած են Միացեալ Նահանգներ, կը շնորհէ երկու տարուան վերանորոգելի թոյլտուութիւն՝ երկրին մէջ մնալու եւ աշխատելու: DACA ծրագիրը, 2012ին հաստատուելէն ի վեր, հնարաւորութիւն ընձեռած է երեք քառորդ միլիոն երիտասարդ ներգաղթողներու՝ համալսարանական ուսման հետեւելու: Այս ուսանողները հարստացուցած են մեր համալսարանական եւ ընդհանրապէս հասարակական կեանքը: Եթէ Քոնկրեսը այս ծրագիրը չպահպանէ իր ներկայ վիճակով, ապա DACA-էն օգտուողները 2018ի Մարտ 6ին պիտի մնան անպաշտպան, պիտի կորսնցնեն աշխատելու իրենց իրաւունքը եւ ենթակայ պիտի ըլլան վտարուելու:

Մենք կոչ կ՛ուղղենք արագ շարժելու եւ միացեալ, երկկուսակցական համախոհութեամբ որդեգրելու օրինագիծ մը, որ պիտի պաշտպանէ օրինական փաստաթուղթ չունեցող ուսանողները եւ ապահովէ անոնց ապագան՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Օրէնսդիր մարմինը պէտք է աշխատի քաղաքացի դառնալու ուղին հարթել «Երազողներ»ուն, որպէսզի անոնք եւս կարենան ապրիլ, աշխատիլ ու ծառայել այն միա՛կ երկրին մէջ, որ իրենց համար տուն հանդիսացած է: Կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքի զաւակներուն, որ կապուին իրենց շրջանի ընտրեալ քաղաքական պաշտօնատարներուն՝ յորդորելով զանոնք, որ ձայնակցին DACA-ի հովանաւորեալները պաշտպանող օրինական նախաձեռնութիւններուն:

Այս դժուարին պահուն, մենք կը դիմենք նաեւ կրթական հաստատութիւններուն, որ իրենց աջակցութիւնը ցոյց տան կեցութեան փաստաթուղթ չունեցող ուսանողներուն եւ անոնց նպաստող ծրագիրներուն: Աւելի՛ն, մենք կ՛ակնկալենք, որ մեր համալսարաններու վարչական պատասխանատուները, իրենց ազդեցութիւնը ի գործ դնելով՝ ջատագով հանդիսանան այս ուսանողներուն: Մենք կը գնահատե՛նք համալսարաններու այն պատասխանատուները, որոնք արդէն իրենց ուժգին ընդդիմութիւնը յայտարարած են DACA-ի կասեցման առթիւ, եւ կոչ կ՛ուղղենք իրենց պաշտօնակիցներուն՝ հետեւելու այդ օրինակին:

Մեր կազմակերպութիւնները, որոնց անդամներուն մեծամասնութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիրներու, քաղաքացիական պատերազմներու եւ տնտեսական դժուարութիւններու ենթարկուածներու յետնորդներ է, հաւասարութեան եւ պատեհութիւններ ընձեռելու ամերիկեան արժէքներուն կը հաւատան: Իսկ այս որոշումը հիմնովի՛ն կը հակադրուի այդ արժէքներուն:

Մենք կը հաւատանք, որ մեր երկիրը կենսունակ եւ բազմազան միջավայր պէտք է ըլլայ մարդկային յառաջդիմութեան բոլոր դրսեւորումներուն: Անհատները պէտք է ամէնէն լայն առիթները ունենան իրենց մտաւոր եւ բարոյական զարգացումին համար՝ իբրեւ անձ ազատօրէն շփուելու եւ կայանալու: DACA-ն բազմաթիւ երիտասարդներ դուրս բերած է թաքնուելու պարտադրանքէն եւ անոնց շնորհած է կարելիութիւն՝ անվախ վարելու իրենց կեանքը, ուսում ստանալու եւ մեր հասարակութեան զարգացման իրենց ներդրումը բերելու:

Թէեւ այս որոշումը խորապէս կը հիասթափեցնէ մեզ, մենք զայն կը նկատենք առիթ՝ մեր յանձնառութիւնը նորոգելու Միացեալ Նահանգներու մէջ համերաշխութիւն եւ փոխադարձ հանդուժողութիւն հաստատելու պայքարին:

asbarez.com

Նախորդը

Լոս Անջելեսի Հրդեհների Ժամանակ Բըրբենքի Հայ Կենտրոնը Առաջարկուել է Որպէս Կեցավայր

Յաջորդը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Գիտաժողովը՝ Նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?