ԻՍՐԱՅԷԼԻ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ Իրան հրթիռներու արտադրութեան գործարաններ կը հիմնէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ այս շաբաթ իր ընթացիկ նիստը պիտի չգումարէ հինգշաբթի, 31 օգոստոս 2017-ին` վարչապետ Սաատ Հարիրիի Ֆրանսա կատարելիք երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան պատճառով: Էլիզէի պալատին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ուրբաթ, 1 սեպտեմբերի երեկոյեան պիտի ընդունի Հարիրին: Կը նախատեսուի, որ Հարիրի հանդիպումներ ունենայ նաեւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Էտուար Ֆիլիփի, արտաքին գործոց, ելեւմուտքի եւ պաշտպանութեան նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի հետ:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան լիբանանցիները շնորհաւորեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրուած յաղթանակին եւ ահաբեկչութիւնը Լիբանանէն դուրս շպրտելու առիթով:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ կսկիծն ու տրտմութիւնը մեզի չեն արգիլեր բանակայիններուն նահատակութեան պատճառներուն եւ մանրամասնութիւններուն մասին հարցեր տալու ու անոնց նահատակութեան պատասխանատուները որոնելու: «Միայն արդարութիւնը կրնայ անոնց հոգիները խաղաղեցնել», ըսաւ Պասիլ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանցի բանակայինները նահատակուեցան ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ. «Կը մաղթէինք, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յաղթանակը պսակուէր նաեւ առեւանգուած բանակայիններուն վերադարձով, սակայն մեզի կը մխիթարէ յաղթական դուրս գալու իրականութիւնը: Շնորհաւոր բանակին, Դիմադրութեան եւ հայրենիքին. Բ. ազատագրումը արդէն իսկ ամբողջացած է»:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն մխիթարութիւնը կ՛իրականանայ, եթէ յաջողինք օրէնքի տրամաբանութիւնը պարտադրել:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մամլոյ գրասենեակին համաձայն, բանակայինները առեւանգուեցան, երբ զօր. Սլէյման հանրապետութեան նախագահութեան իր պաշտօնավարութիւնը աւարտած էր:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ յաղթանակ կերտող միակ տարազը «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը փաստած է, թէ ինք կարող է պաշտպանել Լիբանանը` աւելցնելով, որ բանակը ատակ է երկիրը պաշտպանելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն եւ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` անոր արձանագրած յաղթանակին առիթով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ բանակայինները իրենց նահատակութեամբ եւ արեամբ գծած են երկրին սահմանները:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հանդիպելէ ետք Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի հետ շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքին վրայ երկարող ձեռքը` ըլլայ ան տեղական թէ արտաքին, պիտի կոտրուի:
ԱՄԱԼ շարժումը կոչ ուղղեց ներկայ գտնուելու իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ Ապպաս Պատրէտտինի առեւանգման 39-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, ընդգծելու համար ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 30 օգոստոս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Քոքոտիի մէջ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս հաստատեց, որ առեւանգուած բանակայինները իրենց նահատակութեամբ մաս կը կազմեն հայրենիքի նահատակներուն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին առաջադրած տնտեսական ծրագիրը ազդու պիտի ըլլայ` տնտեսական մարզը բարելաւելու իմաստով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի ցաւակցութիւն յայտնեց բանակայիններուն նահատակութեան առիթով` հաստատելով, որ բանակին արձանագրած յաղթանակը կ՛ամրապնդէ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը: