Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹԵՐԹԵԼՈՎ ՄԱՄՈՒԼԸ». (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ)

October 28, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011-ին Պէյրութի մէջ «Տիզայն Քեստենեան» տպարանէն լոյս տեսաւ Ասատուր Կիւզելեանի «Թերթելով մամուլը» խորագրեալ հատորը` խմբագրութեամբ` Երուանդ Հ. Քասունիի:

Սոյն գործը կը բաղկանայ 268 էջերէ եւ կը բովանդակէ հետեւեալ ենթաբաժինները. «Արեգակ», «Լոնտոն», «Դէմքեր», «Հարցազրոյցներ», «Ճամբու նոթեր», «Գրախօսականներ» եւ «Տեղեկագրութիւններ»:

Ըստ հատորի խմբագրին, Ասատուր Կիւզելեան ծնած է 14 մայիս 1932-ին, Ալեքսանտրեթի մօտ գիւղ մը: 1939-ին, երբ Ալեքսանտրեթի ֆրանսական կառավարութեան դաւադրութեամբ կը տրուի քեմալական Թուրքիոյ, սոյն նահանգի հայերուն հետ Կիւզելեան ընտանիքը եւս կը գաղթէ Լիբանան եւ, ապա, կը հաստատուի Հալէպ:

Ասատուր Կիւզելեան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ: 1948-ին կը մտնէ Անթիլիասի դպրեվանքը, որուն դասընթացքները աւարտելէ ետք, 1955-ին, կ՛անցնի Հալէպ, ուր կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն: 1957-ին կը մեկնի Հնդկաստան եւ կը շարունակէ իր կրթական գործունէութիւնը Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ, ուր կը դասաւանդէ հայագիտական նիւթեր, մինչեւ 1964: Ընտանեօք կը փոխադրուի Լոնտոն եւ հոն կը վարէ խմբագրութիւնը «Արեգակ» ամսաթերթին, որ լոյս կը տեսնէ միայն երկու տարի: 1974-ին իր նախաձեռնութեամբ լոյս կը տեսնէ «Լոնտոն» ամսագիրը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1976:

1960-ին տպարան «Սեւան»էն լոյս կը տեսնէ Ասատուր Կիւզելեանի «Համոյ եւ Ֆատիլէ» խորագրեալ չափածոյ սիրավէպը:

Հայ ազգային իրականութեան մէջ հանրածանօթ դէմք մըն է Ասատուր Կիւզելեան` կրթական, հրապարակագրական, եկեղեցական եւ հասարակական մարզերու մէջ իր տարած աշխատանքով:

Իբրեւ հրապարակագիր` ան կը թելադրէ հայ ժողովուրդին, որ իր նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու համար ստեղծէ համահայկական կեդրոնական միութիւն մը եւ զայն օժտէ շօշափելի դրամագլուխով:

Կը յորդորէ, որ սիրենք մեր լեզուն, մեր ազգն ու եկեղեցին եւ հետեւինք Աւարայրի ճակատամարտի հերոսներու օրինակին, որոնք ինկան հայրենիքի եւ հաւատքի սիրոյն համար, այն գիտակցութեամբ, թէ` «Մահ ոչ իմացեալ  մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»:

Ասատուր Կիւզելեան 1965-ին, Եղեռնի յիսնամեակին առիթով, կոչ կ՛ուղղէ սփիւռքահայերուն, որ կառչին հայոց պատմութեան ոգիին եւ միացեալ ուժերով եւ ծրագրուած գործունէութեամբ հետապնդեն Հայ դատը:

Կիւզելեան կը հաստատէ նաեւ, թէ հայ մամուլը կը հանդիսանայ ազգապահպանման հզօր ազդակներէն մէկը: Այս առումով, կ՛ըսէ, թէ հայ կրթական մշակները, ազգային գործիչներն ու հոգեւորականները իրենց մտածումին եւ մտահոգութեան հիմնական առանցքը պէտք է դարձնեն հայ մամուլը, առանց որուն` չի կրնար զարգանալ հայ ժողովուրդի  իմացական կեանքը:

«Լոնտոն» ամսաթերթի 1974 տարուան ապրիլի համարին մէջ Ասատուր Կիւզելեան կ՛ըսէ, թէ թուրքերը փորձեցին հայ նահատակներուն արիւնովը գրել հայոց պատմութեան մահազդը: Սակայն, Կիւզելեան կ՛ըսէ, թէ նահատակներով, կոթողներով եւ հոգեւոր ժառանգութեամբ հարուստ հայ ժողովուրդին «Մահազդը սուրո՜վ չի գրուիր բնաւ»: Վկայ` Սարդարապատը, Ծիծեռնակաբերդը եւ յաւերժութեան խորհրդանիշ` Երեւանը:

Հատորին հեղինակը կու տայ շահեկան ծանօթութիւններ Ուիլիըմ Սարոյեանի մասին, որուն հետ հանդիպում մը ունեցած է ան քանի մը լոնտոնահայերու հետ` Արթոյի «Հայկական ճաշարան»ին մէջ: Սոյն հանդիպումի ընթացքին Սարոյեան ըսած է, թէ ինք մտերմացած է բազմաթիւ հայերու` թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Օրինակ, ակնարկելով դէպի Հայաստան իր կատարած այցելութեան, Սարոյեան տուած է հայրենի գրողներու մասին հետեւեալ տեղեկութիւնը.

«Առաջին անգամ կեանքիս մէջ, երբ իբրեւ գրող դրամ շահեցայ, Հայաստան գացի 1935-ին: Ես հանդիպած եմ Չարենցին, Թոթովենցին, Գուրգէն Մահարիին: Ամէնէն զարմանալի մարդը Չարենցն էր, ամէնէն հիանալի մարդը` Թոթովենցը: Զապէլ Եսայեան անուշ եւ զօրաւոր մտքի տէր կին մըն էր»:

Հատորին «Դէմքեր» խորագրեալ բաժինով Ասատուր Կիւզելեան հանգամանօրէն կը ներկայացնէ կեանքն ու գրական գործունէութիւնը հնդիկ հանճարեղ բանաստեղծ Ռապինտրանաթ Թակորի:

Կու տայ հակիրճ տողերով կենսագրական գլխաւոր գիծերը ակադեմիկոս Յովսէփ Աբգարի Օրբէլիի, որ եղած է միջազգային նշանաւոր դէմքերէն մէկը` արեւելագիտութեան եւ հայագիտութեան:

Կիւզելեան ապա կ՛անդրադառնայ դոկտ. փրոֆ. Սունիթի Քումար Չաթըրճիի, որ եղած է քսաներորդ դարու այն մեծագոյն գիտնականներէն մէկը, որ գործնապէս գնահատելի ներդրում կատարած է դասական եւ արդի լեզուներու ուսումնասիրութեան մէջ:

Հատորին «Հարցազրոյցներ» խորագրեալ բաժինով Ասատուր Կիւզելեան կը զրուցէ հանրածանօթ կարգ մը անձերու հետ: Այս յղացքով, ան կը նկարագրէ Լոնտոնի մէջ իր հանդիպումը աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի Լուսին Ամարային հետ, որմէ կ՛իմանայ հետեւեալ դրուագը: Այսպէս, «Խօսելով երեւանեան իր ելոյթներէն մէկուն մասին` Ամարա կ՛ըսէ. «Մելիքեանի «Վարդը» երգեցի: Ժողովուրդը կու լայ… ես կու լամ… կու լայ նաեւ ռուս դաշնակահարուհիս. ան մէկ կողմէն թաշկինակով արցունքները կը սրբէ, միւս կողմէն կը նուագէ… ես ասանկ ժողովուրդ տեսած չեմ…»:

Հատորին «Ճամբու նոթեր» խորագրեալ յաջորդ բաժինով Ասատուր Կիւզելեան կը ներկայացնէ սփիւռքի այլազան քաղաքներէն իր քաղած տպաւորութիւնները, օրինակ, Պոլսոյ Սկիւտարի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին աճիւնները Դուրեանի եւ Զարիֆեանի:

«Գրախօսականներ» խորագրեալ բաժինով, Կիւզելեան կը գրախօսէ Սիմոն Սիմոնեանի «Արեւելահայ գրականութիւն» հատորը, որ կը բաղկանայ 800 երկսիւնակ մեծադիր էջերէ, Վահրամ Մավեանի «Հայու բեկորներ» գիրքը եւ այլ գործեր:

Հատորին «Տեղեկագրութիւններ» խորագրեալ վերջին բաժինով Ասատուր Կիւզելեան կը փոխանցէ ազգային եւ հասարակական բնոյթ կրող այլազան տեղեկութիւններ: Կ՛ըսէ, թէ հայրենի երաժիշտ Առնօ Բաբաջանեան հրաւիրուած է Հնդկաստան` մասնակցելու երաժշտական համագումարին: Նոյնպէս, հայրենի գիտնական Վիքտոր Համբարձումեան հրաւիրուած է Հնդկաստան` մասնակցելու Նոր Տելհիի միջազգային գիտական համաժողովին:

Արդարեւ, համախմբելով «Թերթատելով մամուլը» խորագրեալ հատորին մէջ մամուլի էջերուն ցրուած իր բազմաբնոյթ յօդուածները` Ասատուր Կիւզելեան պատեհ առիթը կ՛ունենայ վերստին թերթատելու կամ փրկելու մոռացութենէ այն բոլոր գրութիւնները, որոնք եղած են արգասիքը հեղինակի իր յիսնամեայ լրագրական գործունէութեան:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Օգոստոս 2011

Նախորդը

ՄԵՆՔ ԵՆՔ` ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. «ԳԼՈՒԽ ՇԱՐԺՈՂ»ՆԵՐԸ…

Յաջորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ ՍԿՍԱՒ ՄԻԵՒՆՈՅՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԹՈՒԱՅԻՆ ԱՃՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.