Ֆինլանտական ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ 2 զոհ արձանագրուած է եւ 6 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ Ֆինլանտայի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Թուրքու քաղաքին մէջ դաշոյնով զինուած անձ մը յարձակեցաւ անցորդներու վրայ:
Քանի մը վայրկեան ետք դէպքի վայր հասած ոստիկանութիւնը կրակ բանալով ոտքէն վիրաւորեց ու ձերբակալեց յարձակումին հեղինակը:
Ֆինլանտայի ներքին գործոց նախարար Փաուլա Ռիսիքքօ յայտնեց, որ կասկածեալը «կերպարանքով օտար» էր եւ կապ ունէր Պարսելոնայի մէջ արձանագրուած յարձակումին հետ:
Սակայն ֆինլանտական իշխանութիւնները յայտնեցին, որ տակաւին կանուխ է դէպքը ահաբեկչութիւն նկատելու համար: