Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երջանիկ Եմ, Որ Կը Վերադառնամ Այն Երկիրը, Ուրկէ Սկսած Է Իմ Ճանապարհորդութիւնս» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Արա Մալիքեան

Յուլիս 28, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Արա Մալիքեան, լիբանանահայ-սպանացին, միջազգային համբաւ վայելող ջութակահարը, երէկ` 27 յուլիս 2017-ին իր ««Ջութակի անհաւատալի շրջագայութեամբ» հասաւ Պիպլոսի փառատօներուն: Այս ելոյթին նախօրեակին «Ազդակ» հեռաձայնային կարճ զրոյց մը ունեցաւ երաժիշտին հետ, որ յայտնեց, թէ` «անշուշտ շատ երջանիկ եմ Լիբանան գտնուելուս համար, մանաւանդ կախարդական Պիպլոս քաղաքը: Լիբանան առաջին ելոյթս տուած եմ 12 տարեկանիս եւ այսօր, աւելի քան 35 տարիներ ետք, երջանիկ եմ, որ կը վերադառնամ այն երկիրը, ուրկէ սկսած է իմ ճանապարհորդութիւնս»:  Մալիքեան աւելցուց. «Թէեւ Լիբանանէն մեկնումէս ետք երկու-երեք անգամ վերադարձած եմ Լիբանան տարբեր առիթներով, բայց Պիպլոսի մէջ այս անգամուան ելոյթս շատ տարբեր է, որովհետեւ կը վերայայտնաբերեմ Լիբանանի հանրութիւնը եւ նաեւ իմ մանկութեան ընկերներս»:

Արա Մալիքեան ունի հարուստ կենսագրական: Ջութակի նկատմամբ անոր սէրն ու հետաքրքրութիւնը սկսած են կանուխ տարիքէն` իր հօր ուշադրութեան տակ: 12 տարեկանին տուած է իր առաջին ելոյթը Լիբանանի եւ շուտով իր շուրջ յառաջացուցած է երաժիշտներու հետաքրքրութիւնը: Առիթ ունեցած է գերմանական կառավարութենէն ստանալու թոշակ` ուսանելու համար Հանովըրի Երաժշտութեան եւ թատրոնի ակադեմիային մէջ, երբ միայն 15 տարեկան էր, այսպիսով հասնելով միջազգային բեմ:

Երէկուան ելոյթին ընթացքին ան իր մեծ հօր ջութակին քրոնիկոնը տուաւ` յայտնելով, թէ ջութակը պատճառ դարձած է, որ մեծ հայրը փրկուի ցեղասպանութենէն` կորսնցնելէ ետք իր ամբողջ ընտանիքը: Խորքին մէջ մեծ հայրը բնաւ չէ գիտցած ջութակ նուագել, բայց այդպէս ձեւացնելով կրցած է վերապրիլ: Յարգելով այս կտակը` Արա Մալիքեանին հայրը եւ ապա Մալիքեան ինք նուիրուած են ջութակին լարերուն:

Ան ըսաւ, որ «Պիպլոսի փառատօնին բեմին վրայ ութ երաժիշտներ կան, որոնց հետ կը նուագեմ հիմնականօրէն վերջին ալպոմէս «Ջութակի անհաւատալի պատմութիւնը» (Տը Ինքրետիպըլ Սթորի աֆ Վայըլին): Պիպլոսի փառատօներուն ծովեզերեայ բեմէն Արա Մալիքեան նուագեց Մոցարթէն, Պախէն, Ճիմի Հենտրիքսէն, Լետ Զեփլինէն կտորներ, ինչպէս նաեւ իր յօրինած երգերէն, ինչպէս` «Քաջն Նազար», «Կոտրած հաւկիթներ», «Ռեքվիեմ», «Պուրճ Համուտ», որուն համար ան ըսաւ. «Դժբախտաբար Պուրճ Համուտ չեմ ապրած, Համրային մօտ ապրած եմ, բայց միշտ ալ այցելած եմ Պուրճ Համուտ, քանի որ մաս կը կազմեմ հայ համայնքին: Հոն ինծի հարազատ շատ տեղեր կան, եւ կը յիշեմ անոր տարբեր տեսակ մարդիկը` անոնց տարբեր երաժշտութեամբ եւ ձայներով»: Պէտք է նշել, որ Արա Մալիքեան կատարեց իր յօրինումներէն ամէնէն զգացականը` «1915» կոչուած կտորը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակին:

Յատկանշական էր Արա Մալիքեանին ներկայացումը այս երաժշտական կտորներուն, ուր գոյութիւն ունէին բեմականացում ու երաժիշտներուն միջեւ հետաքրքրական հաղորդակցութիւն: Արա Մալիքեան թէ՛ կը նուագէր, թէ՛ կը պարէր: Ան փառատօնը փակեց իր ջութակը տանելով ժողովուրդին մէջ ու կարծես վերջին անգամ ըլլալով շրջան ըրաւ իր ծննդավայրին մէջ: Արա Մալիքեան բեմէն մանթրայի պէս յայտարարեց, որ «ասիկա իմ ջութակս չէ, ես անոր ջութակահարն եմ»` ընդգծելու համար, թէ արուեստը, մշակոյթը, երաժշտութիւնը չեն մեռնիր:

 

 

Նախորդը

Գրախօսական` Գէորգ Պ. Յակոբեանի «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» Հատորին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?