ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Գէորգ Պ. Յակոբեան ծանօթ անուն մըն է պոլսահայ հրապարակագրութեամբ, մամուլով եւ մանաւանդ բանասիրութեամբ հետաքրքրուողներուն համար: Ան հեղինակած է ուշագրաւ հրատարակութիւններ պոլսահայ իրականութեան մասին` պիտանի տեղեկութիւններ պարունակող օրացոյցներ, յուշամատեաններ` նուիրուած Խաչատուրեան պատրիարքին, Տերոյենց պատուելիին, Շնորհք պատրիարքին: Կեսարիոյ եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը պարունակող նկարազարդ ալպոմը հանդիսացաւ իր լաւագոյն հեղինակութիւնը` մինչեւ լոյս տեսնելը «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի ու կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ փառաւոր հատորին, հազիւ երկու ամիս առաջ:
1997-ին Գէորգ Պ. Յակոբեան ընտանեօք հաստատուեցաւ հրեշտակներու քաղաքը, եւ սակայն, աշխարհացրիւ բոլոր պոլսահայերուն նման, ան մնաց ու կը մնայ իսկական «պոլսեցի» մը` իր զգացումներով, մտածումներով եւ նաեւ իր խօսելաոճով:
Գէորգ Պ. Յակոբեան Պոլիս ապրած շրջանին վարած է համայնքային պատասխանատու բազմաթիւ պաշտօններ, բայց մանաւանդ Գումգափուի Դրսի թաղամասի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի պատասխանատու հիմնադիր եղած է: Վարժարանին եկամուտ ապահովելու հոգը ու նաեւ վարչական եւ պետական ձեւակերպութիւններն ու տաղտուկները զինք մղած են հետաքրքրուելու հանրապետական թէ օսմանեան շրջանի ազգային կրթական հաստատութիւններով եւ անոնց հարցերով, անոնց մօտէն հետեւելու:
Բախտաւորուած ենք հեղինակը եւ իր հեզահամբոյր քոյրը` վաստակաւոր կրթական մշակ եւ սփիւռքի լաւագոյն լրագիրներէն նկատուող «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը մօտէն ճանչնալու եւ վկայելու, որ Գէորգ Պ. Յակոբեան երկու տասնամեակէ աւելի հաւաքեց (եւ տակաւին ալ կը հաւաքէ) հայ կրթական կեանքի առնչուող գրեթէ բոլոր սկզբնաղբիւրները եւ կատարեց ամբողջական լուսապատճէնահանումը հայաբնակ աւաններու նուիրուած յուշամատեաններու եւ բազմաթիւ այլ ուսումնասիրութիւններու, որոնք անպայմանօրէն բաժին մը ունին կրթական հաստատութիւններու նուիրուած:
Կարելի է զգալ իր ապրած դառնութիւնները, երբ իր պաշտօնական թէ բարեկամական անվերջանալի դիմումներուն եւ թղթակցութիւններուն մեծ մասը մնացած է անպատասխան: Իր իսկ բառերով. «Որքա՜ն պիտի ուզէի ի ձեռին ունենալ հայ մամուլի օրաթերթերու կամ պարբերականներու աւելի ընդարձակ հաւաքածոները, կամ կարելիութիւնը ունենալ թղթատելու Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի, Ուսումնական խորհուրդի ատենագրութիւնները, արխիւային փաստաթուղթերը, որոնց շնորհիւ պիտի կարենայի ա՛լ աւելի լրիւ ու ամբողջական հատորի մը վերածել այս աշխատասիրութիւնս: Այս անկարելիութիւններուն դիմաց, ուզեցի գոնէ ի ձեռին ունենալ երբեմնի Ուսումնական խորհուրդի «կանոնագիր», «տեղեկագիր» կամ «համարատուութիւն»-ներու պատճէնները, որոնք անցեալին տպուած ու ցրուած էին տունէ տուն: Այս նպատակով դիմեցի® Բացառաբար օգտագործեցի Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւներու հայ վարժարաններու յատուկ փաստաթուղթերը, որոնց մէջ հանդիպեցայ կարգ մը անտիպ ու պաշտօնական տեղեկութիւններու, որոնց կարեւոր մասերը զետեղեցի հատորիս մէջ»:
Իր քրոջ` Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի խմբագրութեամբ եւ «Փարոս» թրքալեզու պոլսահայ ամսաթերթի խմբագիր Մայտա Սարիսի ժրաջանութեամբ, նաեւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ս. Թարգմանչաց Ազգային վարժարանի Թաղային խորհուրդին մեկենասութեամբ, անցեալ սեպտեմբերին լոյս տեսաւ Գէորգ Պ. Յակոբեանի 799 էջ ծաւալով եւ 3,6 քկ ծանրութեամբ, «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ փառաւոր հատորը: Հատորին ուշագրաւ նախաբան մը գրի առած է պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան եւ հրապարակագրութեան ամենաուշագրաւ երախտաւորը` Ռոպեր Հատտէճեան: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օսմանեան արխիւներէն քաղուած եւ թարգմանուած վաւերաթուղթերը, հազարէ աւելի լուսանկարներ եւ տասնեակներով հրատարակութիւններու տիտղոսաթերթերու արտատպումները հատորը կը վերածեն վաւերական սկզբնաղբիւրի մը: Հազուագիւտ հրատարակութիւններու տիտղոսաթերթերը, վարժարաններու շէնքերու համայնապատկերները, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ աւարտական դասարաններու խմբանկարները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հազուագիւտ պատմական լուսանկարներ ապացոյց կը հանդիսանան կատարուած հետեւողական աշխատանքին:
1790 թուականը հեղինակին կողմէ կը նկատուի օսմանահայոց կամ թրքահայոց կրթական շարժման սկզբնաւորութիւնը` նկատի ունեցած այս թուականին սուլթան Սելիմ Գ.ի կողմէ տրուած համայնքային վարժարաններ հաստատելու արտօնագիրը:
Հեղինակը իր ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ 5 գլուխներու տակ:
Առաջին գլուխին տակ եւ 50 էջի ծաւալով, «Ընդհանուր ակնարկ` նախքան 1790 թուականը» խորագիրով կը ներկայացուի Կոստանդնուպոլսոյ, Բիւզանդիոնի, Քոսթանթինիյէի եւ ապա Տերսաատեթի վերածուած Պոլիս քաղաքի պատմութիւնը, բիւզանդահայ համայնքի կազմաւորումը եւ Պոլսոյ պատրիարքութեան հաստատումը եւ օսմանահայ եւ ապա թրքահայ համայնքի կազմաւորումը` մինչեւ 19-րդ դարու սկզբնաւորութիւնը:
Երկրորդ գլուխին տակ եւ 110 էջի ծաւալով, «Կրթական շարժումն ու զարգացումը մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումը» խորագիրով կը ներկայացուի կոստանդնուպոլսահայ կրթական կեանքի հոլովումը, Շնորհք ամիրայի կողմէ հաստատուած առաջին վարժարանէն մինչեւ պատրիարքարանին երդիքին տակ ծաւալած Ուսումնական խորհուրդի կազմութիւնը, պոլսահայ կրթական կեանքի հոլովումը` Ազգային սահմանադրութեան շրջանէն մինչեւ օսմանեան զոյգ սահմանադրութիւններու շրջանը եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիները:
Երրորդ գլուխին տակ եւ 80 էջի ծաւալով, «Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջան» խորագիրով կը տրուի Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի հայ կրթական կեանքին պատումը, Լոզանի դաշնագիրով տրուած իրաւունքներէն մինչեւ փոքրամասնական վարժարաններու յատուկ պետական կրթական ծրագիրի կիրարկումը պոլսահայ վարժարաններէ ներս, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան եւ հիմնարկի հաստատումը եւ Պոյաճըգիւղի եւ Գընալը կղզիի կազդուրման կայաններուն, նաեւ «Քամփ Արմէն»-ի ամառնային արձակուրդի կայանները:
Չորրորդ գլուխին տակ եւ 520 էջի ծաւալով, «Կրթական հաստատութիւններ, որոնք գոյութիւն ունեցան կամ ունին երկու դարերու ընթացքին» խորագիրով կը ներկայացուին հայ ազգային 63 վարժարաններ, հայ կաթողիկէ 17 վարժարաններ, հայ աւետարանական 1 վարժարան, հայ անհատական 69 վարժարան, կարուձեւի 6 դասընթացքներ եւ լսարաններ:
Հինգերորդ գլուխին տակ եւ 28 էջի ծաւալով, «Աշակերտաց վիճակացոյց Պոլսոյ հայ վարժարաններու» խորագիրով կը տրուին վիճակագրական տուեալներ 1902-03, 1901-05, 1905-06, 1929-30, 1960-2014 տարիներուն գոյութիւն ունեցող վարժարաններու ցանկերը իրենց աշակերտներու եւ ուսուցիչներու թուաքանակով եւ նաեւ հասոյթներու ու ծախքերու մասին տուեալներով: Տրուած է նաեւ ցանկը Պոլսոյ մէջ գործած բոլոր վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ` ներկայիս գոյութիւն ունեցող հայկական 16 վարժարաններու տնօրէններուն եւ հիմնադիրներուն անուանացանկերը:
Իսկապէս անխղճութիւն պիտի ըլլայ նման համապարփակ ու խղճամիտ ուսումնասիրութեան մը մէջ սխալներ գտնել ու մատնանշել: Կը հաւատանք, որ գրախօսական յօդուած մը գիրքի մը ներկայացման եւ արժեւորման սահմաններէն անդին պէտք չէ անցնի: Նման հատոր մը անպայմանօրէն պիտի ունենայ վրէպներ, լուսանկարներու սխալ տեղադրումներ, տպագրական թէ էջադրային անխուսափելի սխալներ: Կարելի է այս բոլորը մատնանշել հեղինակին ուղղակիօրէն: Այս բոլորէն անդին` նկատի պէտք է ունենալ, որ Գէորգ Պ. Յակոբեան այս ամբողջ աշխատանքը կատարած է առանձին, ինչ որ պէտք է ըլլար խմբային աշխատանքի մը արգասիքը: Կատարուած այս աշխատանքը պէտք է օրինակ ծառայէ ու նաեւ խթան հանդիսանայ այլ հայագաղութներու մտաւորականներուն եւ կրթական կեանքի պատասխանատուներուն` մտածելու նման ուսումնասիրութիւններու մասին:
Պոլսահայ բանասիրութիւնը դժբախտաբար բաւարար կերպով չէ գնահատուած սփիւռքահայ շրջանակներու կողմէ: Կ՛արժէ յիշել Գէորգ Բամպուքճեանի եւ գերապայծառ Յովհաննէս Չոլաքեանի բազմաբեղուն վաստակը եւ հրատարակուած բազմաթիւ հատորները, որոնք տակաւին գրախօսականի ալ չեն արժանացած: Եթէ պիտի պատճառաբանուի, որ Բամպուքճեանը աւելի թրքերէնով, իսկ գերապայծառ Չոլաքեանն ալ ընդհանրապէս ֆրանսերէնով գրի առած են իրենց ուսումնասիրութիւնները, ինչպէ՞ս բացատրել հայագիր թատերագիր եւ հրատարակուած շուրջ երեսուն թատրերգութիւններու հեղինակ Արման Վարդանեանի նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը կամ անբացատրելի անտեղեակութիւնը:
Գէորգ Պ. Յակոբեան ներկայիս կ՛ամբողջացնէ ծանօթացուող հատորին շարունակութիւնը նկատուելիք «Պատմութիւն գաւառահայ ուսումնական կեանքին եւ կրթական հաստատութիւններուն» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը: Կրկին փառաւոր գործ մը, ուր պիտի ներկայացուին գաւառի 1000-է աւելի վարժարանները իրենց 120.000 աշակերտութեամբ եւ 5000-ի հասնող ուսուցիչներով:
Մտածենք երկրորդ հատորին առնչուող ձեւաւորումի, էջադրութեան, տպագրութեան եւ մանաւա՛նդ հրատարակութեան հոգը վերցնել Գէորգ Պ. Յակոբեանի ուսերէն եւ մտածենք գնահատել բանասիրական իր վաստակը եւ զինք մեծարել` ըստ արժանւոյն… իր ողջութեան: